image

Մերքէլի ողջոյնի խօսքը Փաշինեանին. Ան իր գրառումը զարդարած է լատինատառ «Բարի Գալուստ»ով

Մերքէլի ողջոյնի խօսքը Փաշինեանին. Ան իր գրառումը զարդարած է լատինատառ «Բարի Գալուստ»ով

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Գերմանիա այցի ժամանակ հիւրընկալող երկրի ղեկավար, վարչապետ Անկելա Մերքէլը իր ինսթակրամեան էջին ողջոյնի խօսքեր գրած է Հայաստանի ղեկավարին։

«Bari galust», – լատինատառ հայերէն գրած է Մերքէլն ու շարունակած գերմաներէնով ու անգլերէնով։

Գրառման մէջ Մերքէլ նշած է, որ Հայաստանի մէջ լաւատեսական մթնոլորտ է, ու երկու կողմերը մտադիր են զարգացնել յարաբերութիւնները ու միասին աշխատիլ պիզնեսի ու գիտութեան, ժողովրդավարութեան առաջխաղացման հարցերուն վերաբերեալ։