Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին X-ի իր էջին գրառում կատարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումէն ետք:
«Շնորհակալութիւն, Ամերիկա, շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար, շնորհակալութիւն այս այցելութեան համար: Շնորհակալութիւն, Թրամփ, Քոնկրես եւ Ամերիկայի ժողովուրդ։
Ուքրնիոյ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն պէտք է, եւ մենք կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ»,- գրած է Զելենսքին: