Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի նուիրեալ քահանայ հայրերէն՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան կը գրէ՝
Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպս. Եմիշեան, Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Գերաշնորհ Սրբազան եղբայր,
Մեծ ուրախութեամբ հետեւեցանք Կիրակի, Փետրուար 23-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացաք եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Անթիլիաս, Լիբանան:
Կ՛աղօթենք առ Ամենակալ Աստուած որ Ձեզի շնորհէ քաջառողջութիւն եւ անսահման իմաստութիւն, որպէսզի ամբողջական նուիրումով եւ յաջողութեամբ կատարէք Ձեր բարձր պատասխանատուութիւնները եւ ծառայութիւնները Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին:
Անձնապէս եւ յանուն Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն ընդունեցէք մեր եղբայրական շնորհաւորութիւնները:
Աղօթակից՝
Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան
Հոգեւոր Հովիւ
Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ