image

«Մեր Զինուորներուն Կողքին» Արշաւը Տաւուշի Եւ Լոռիի Մէջ Կ՛օժանդակէ Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն

«Մեր Զինուորներուն Կողքին» Արշաւը Տաւուշի Եւ Լոռիի Մէջ Կ՛օժանդակէ Զոհուած Զինուորներու Ընտանիքներուն

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը, Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած 82 զինուորներու ընտանիքներուն նիւթական աջակցութիւն հայթայթած է՝ անոնց այցելելով Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ:

Հայաստանի Տաւուշ եւ Լոռի մարզերուն մէջ, «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւի անդամները վերջերս հանդիպումներ ունեցած են վեց նահատակ զինուորներու ընտանեկան պարագաներուն հետ՝ անոնց յանձնելով 7500 տոլար օժանդակութիւն, կը տեղեկացնէ «Ասպարէզ»:

«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւը 1000ական տոլար կը յանձնէ իւրաքանչիւր զոհուած զինուորի ընտանիքին, իսկ անոնց իւրաքանչիւր զաւակին համար՝ յաւելեալ 250 տոլար:

Ստորեւ՝ նշեալ վեց զինուորներուն կենսագրական գիծերը.

 – Նոտարիկ Մարգարեան ծնած էր 1963ին, Գուգարք. շարք մը դժուարութիւններ դիմագրաւած էր իր կեանքին ընթացքին։ Արդարեւ, կանուխ տարիքէն կորսնցուցած էր հայրը, իսկ Նոտարիկի կինը մահացած էր անոր նահատակութենէն քիչ ժամանակ առաջ, մինչ ամոլին զաւակը հաշմանդամ էր։ Երբ քառօրեայ պատերազմը սկսաւ, Մատաղիս (Արցախ) հաստատուած Նոտարիկը, իր զաւակները Հայաստան ուղարկելէ ետք ճակատ մեկնեցաւ, ուր եւ մահացաւ պատերազմի առաջին ժամերուն։ Անոր բարեկամները կը յայտնեն, թէ ան աշխատասէր եւ հայրենասէր էր ու շատ կը սիրէր իր ընտանիքն ու բարեկամները։ Ան ունէր երեք զաւակներ՝ Լուսին, որ ներկայիս ստանձնած է իր ընտանիքի անդամներուն խնամքը, Նարեկ, որ հաշմանդամ է, եւ Զորիկ։ Նոտարիկ Մարգարեանի ընտանիքին յանձնուեցաւ 1750 տոլար գումար մը:

– Կարէն Դաւթեան ծնած էր 1981ին։ Ան 14 տարի հայկական ուժերուն մէջ ծառայած սպայ մըն էր։ Չորս տարի առաջ ամուսնացած էր Մարինէին հետ, եւ զոյգը բախտաւորուած էր երկու զաւակներով՝ Անահիտ եւ Արգիշտի։ Կարէն Դաւթեան նահատակուեցաւ Ապրիլ 6ին։ Անոր ընտանիքին յանձնուեցաւ 1500 տոլար։

– Հայկ Մինասեան ծնած էր 1996ին եւ քանի մը տարի առաջ վերադարձած էր Ուքրանիայէն։ Հայաստանի մէջ ան սկսած էր համալսարան յաճախելու. իր ծանօթներուն կողմէ ան կը նկարագրուի իբրեւ լուրջ եւ փայլուն իմացականութեամբ երիտասարդ։ Ան նահատակուեցաւ Ապրիլ 26ին։ Հայկ 2014ին միացած էր զինուորական ուժերուն եւ քանի մը ամիսէն պիտի աւարտէր իր պարտադիր ծառայութիւնը։ Անոր ընտանիքին յանձնուեցաւ 1000 տոլար։

– Արտակ Պետրոսեան ծնած էր 1997ին եւ երկու զաւակ ունեցող ընտանիքի մը փոքրիկն էր։ Ան կը սիրէր մարմնամարզութիւն, գծագրութիւն, ձկնորսութիւն ու բռնցքամարտ։ Արտակ Ապրիլ 4ին նահատակուեցաւ, սակայն իր նահատակութեամբ կրցաւ փրկել շարք մը զինակիցներու կեանքը՝ արժանանալով յետ մահու շքանշանի։ Մօտ ատենէն, անոր ծննդավայր Մեծաւանի մէջ, դպրոցի դասարան մը պիտի կոչուի Արտակ Պետրոսեանի անունով։ Անոր ընտանիքին յանձնուեցաւ 1000 տոլար։

– Վլատիմիր Ալիխանեան ծնած է 1996ին եւ բանակ սկսած է ծառայելու Հայաստանի Հոկտեմբերեան քաղաքին մէջ։ Ապա ան փոխանցուած է Արցախի Ֆիզուլի շրջանը, իսկ ապրիլեան պատերազմի առաջին օրերուն՝ Ապրիլ 3ին, իր զինակիցներուն՝ Տիգրան Աբգարեանի եւ Բենիամին Եղդոյեանի հետ (երկուքն ալ Շիրակէն) նահատակուած է, մինչեւ վերջին փամփուշտ։ Վլատիմիրի ծնողքը՝ Վարուժան եւ Աննա, յայտնած են, թէ անոր զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը պիտի աւարտէր անոր նահատակութենէն 78 օր ետք։ Վլատիմիր Դիլիջանի համալսարանէն վկայուած էր տնտեսագէտի մասնագիտութեամբ։ Հակառակ իր մասնագիտութեան, ան որոշած էր իր ծառայութիւնը շարունակել բանակին մէջ։ Ան օրինակելի զինուոր նկատուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։ Անոր ընտանիքին յանձնուեցաւ 1000 տոլար։

– Գարիկ Մովսիսեան ծնած էր 1997ին, Տաւուշի Զօրական գիւղը, եւ 2014ին շրջանաւարտ եղած էր երկրորդական վարժարանէն։ Մէկ տարի համալսարանական ուսում ստանալէ ետք, ան միացած էր բանակին (Յուլիս 2015ին) եւ արագօրէն պաշտօնի բարձրացում ստացած էր՝ իր օրինակելի ծառայութեան համար։ Գարիկ նահատակուեցաւ Ապրիլ 30ին։ Անոր ծնողքին՝ Մնացականի եւ Անահիտի համար, այս նահատակութիւնը երկրորդ մեծ կորուստն է, որովհետեւ անոնք քանի մը տարի առաջ, ուտեստեղէնի թունաւորման պատճառով կորսնցուցած էին իրենց դուստրը։ Գարիկ նաեւ օրինակելի աշակերտ եւ մարզիկ եղած էր եւ յայտնի՝ իր հայրենասիրութեամբ ու լաւատեսութեամբ։ Անոր ընտանիքին յանձնուեցաւ 1000 տոլար։