image

Մենք միասին կը կառուցենք ամուր պաշտպանական յարաբերութիւններ. Ֆրանսացի նախարարը՝ ՀՀ դեսպանին

Մենք միասին կը կառուցենք ամուր պաշտպանական յարաբերութիւններ. Ֆրանսացի  նախարարը՝ ՀՀ դեսպանին

Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիան Լըքորնիւն X-ի էջին ըրած գրառմամբ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը պարգեւատրած է Ֆրանսայի Պաշտպանութեան ազգային մետալով։

«Հայաստանն ու Ֆրանսան կապուած են երկար ընդհանուր պատմութեամբ մը, եւ մենք միասին կը կառուցենք ամուր պաշտպանական յարաբերութիւններ։ 

Պաշտպանութեան ազգային մետալ յանձնած եմ Նորին գերազանցութիւն Յասմիկ Տոլմաճեանին՝ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին կատարած աշխատանքի համար»,- գրած է Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարարը։