Ֆլորիտայի մէջ «Միլթըն» փոթորիկի պատճառով առնուազն 15 մարդ զոհուած է: Տեղական իշխանութիւնը հաղորդած է, որ այդ թիւը վերջնական չէ:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Ֆլորիտայի մէջ շուրջ 6 միլիոն մարդու տարհանման հրահանգ տրուած է: Նահանգին մէջ, որ օրեր առաջ ալ տուժած էր «Հելէն» փոթորիկէն, լուրջ աւերածութիւններ կան: Շարք մը բնակավայրեր մնացած են առանց ելեկտրականութեան, ջրամատակարարման խնդիրներ կան:
Օդակայանները դադրեցուցած են աշխատանքը: Այնուհանդերձ փոթորիկի հետեւանքները շատ աւելի մեղմ են, քան կը կանխատեսուէր: Այժմ «Միլթըն»ը Ֆլորիտայէն տեղափոխուած է Աթլանթեան ովկիանոս: