image

Մեր այն տարածքները, որոնք հիմա Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ են, դիւանագիտական ճանապարհով ետ կը բերուին․ Փաշինեանի խորհրդական

Մեր այն տարածքները, որոնք հիմա Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ են, դիւանագիտական ճանապարհով ետ կը բերուին․ Փաշինեանի խորհրդական

Լոռիի նախկին մարզպետ Արամ Խաչատրեանը, որ նշանակուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդական, լրագրողներու հետ զրոյցին վստահեցուցած է՝ իր՝ մարզպետի պաշտօնէն հեռանալը կապ չունի Նիկոլ Փաշինեանի դժգոհութիւններուն հետ։

«Ես անձնական պատճառներ եմ ունեցել, եւ դիմում եմ գրել ու ազատուել մարզպետի պաշտօնից»,-ըսած է ան։

Հարցին, եթէ մարզպետի պաշտօնէն ազատուած էք, ուրեմն լաւ մարզպետ չէի՞ք, ան ըսած է․ «Ես չասացի՝ լաւ մարզպետ եմ, կամ վատ, ես ասացի, որ ես իմ անձնական պատճառներն եմ ունեցել, դիմում եմ գրել ազատման։ Հիմա վարչապետն առաջարկել է ինձ խորհրդականի պաշտօնում, ինչի համար շնորհակալ եմ, եւ ես համաձայնել եմ»։

Իսկ թէ որ ոլորտի մէջ խորհուրդ պիտի տայ Փաշինեանին, ան ըսած է, որ երբ վարչապետի հետ կը քննարկեն, թէ ինչ ոլորտ պիտի համակարգէ, այդ ոլորտի շրջածիրէն ներս ալ պիտի աշխատի։ Ան նշած է, որ զինուորական է եւ աշխատած է նաեւ որպէս մարզպետ։

Հարցին՝ հնարաւո՞ր է՝ Փաշինեանին խորհուրդ տաք, որ մեր կորսնցուցած տարածքները՝ Արցախէն սկսած մինչեւ Ջերմուկ, ետ բերէ, Խաչատրեանն ըսած է․ «Մեր ՀՀ տարածքը 29 743 քկմ է եւ դա չի էլ քննարկւում։ Իսկ այն տարածքները, որ հիմա Ադրբեջանի տիրապետութեան տակ է, պէտք է վերադարձուեն, վարչապետը բազմիցս ասել է դրա մասին։ Դիւանագիտական ճանապարհով ետ կը բերուեն»։

Ան ընդգծած է, որ հիմա մեր օրակարգի մէջ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումն է եւ պէտք չէ շեղիլ խաղաղութեան պայմանագրէն։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանն ալ կ՚արձագանգէ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման։