Ես Թալիշի վերանորոգման եւ վերականգնման հետ կապուած որոշումներ ընդունած եմ, եւ մենք արդէն իսկ իրականացուցած ենք կարգ մը աշխատանքներ: «Արցախբրէս»-ի հաղորդմամբ` Սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէի քուէարկութեան մասնակցելէ ետք, յայտնած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան:
«Այն աշխատանքները, որոնք կը նախատեսենք իրականացնել ապագային, հնարաւորութիւն կու տան մեզի ունենալու վերակենդանացած, վերակառուցուած Թալիշ: Այդ յանձնարարականներու ծիրէն ներս մենք նախատեսած ենք, որ Թալիշի մէջ պիտի բնակին աւելի շատ թալիշցիներ, քան կը բնակէին մինչեւ ապրիլեան իրադարձութիւնները»,- նշած է ԼՂՀ Նախագահը: