image

Բերուի մէջ հանգուցեալը վերակենդանացած է ու ժամեր անց մահացած (Տեսանիւթ)

Բերուի մէջ հանգուցեալը վերակենդանացած է ու ժամեր անց մահացած  (Տեսանիւթ)

   

Բերուի մէջ կնոջ յուղարկաւորութիւնը ստացած է անհաւատալի ընթացք, երբ հանգուցեալը ներսէն թակած է դագաղին կափարիչը` ըսելու, որ ողջ է:

Ինչպէս գրում է Daily Mail-ը, ապշահար բարեկամները բացած են դագաղը ու տեսած են 36-ամեայ Ռոզա Իզապէլ Քեսփետէ Քալաքան բաց աչքերով պառկած է:

Գերեզմանատան աշխատող Խուան Սէկունտօ Քախօն պատմած է. «Ան բացաւ իր աչքերը եւ քրտնած էր: Ես անմիջապէս գացի գրասենեակ եւ զանգահարեցի ոստիկանութիւն»:

Կինը արագ տեղափոխած են հիւանդանոց, ուր զայն միացուցած են կեանքի ապահովման մեքենային:

Սակայն ժամեր անց կնոջ վիճակը կտրուկ վատացած է ու ան մահացած է: