«Մենք մեր դաշնակիցները կռնակէն չենք հարուածեր». Յակոբ Բագրատունի

«Մենք մեր դաշնակիցները կռնակէն չենք հարուածեր». Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ էլ Հուրիա» ռատիոկայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն, ինչպէս նաեւ երկրին համակարգին ու տիրող իրավիճակին մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքներուն:

«Պիլա ֆաուասել» յայտագիրին շրջագիծին մէջ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի ողջունեց բոլոր անոնք, որոնք որոշած են կառչած մնալ Լիբանանին, գոյատեւել եւ պատրաստուիլ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնը մեզի համար փուլ մըն է, որուն ընդմէջէն պէտք է փոփոխութիւն յառաջացնել եւ ժողովուրդին հարցերուն լուծման իմաստով ցուցաբերուած մօտեցումն ու գործելաոճը փոփոխութեան ենթարկել», ըսաւ ան:

 

Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Փոքր Համեմատութիւն

Ժողովուրդին կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը փոքր ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Մեթնի թեկնածուն շեշտեց, որ քուէարկողներու համեմատութեան մասին վիճակագրական գրասենեակները կրնան թիւերու յանգիլ, եւ զանոնք կասկածի տակ առնելու իրաւունք չունինք:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցելու ընդհանուր մթնոլորտ մը գոյութիւն ունի, սակայն եթէ նման փափաք կայ, ապա ինչո՞ւ միշտ կը խօսինք փոփոխութեան մասին», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ 17 հոկտեմբերի ժողովրդային շարժումը, որ փոփոխութեան շարժում մըն էր, արծարծեց այնպիսի սկզբունքներ եւ հիմքեր, որոնք բոլոր քաղաքացիները, ընկերային բոլոր դասակարգերն ու բոլոր շրջաններուն մէջ բոլոր համայնքները կը հետաքրքրէին: «Դժբախտաբար սակայն ժողովրդային շարժումներէն շաբաթ մը ետք, սկսանք նկատել արձանագրուած նահանջը, ինչպէս նաեւ քաղաքական վերիվայրումները: Ժողովրդային շարժումը քաղաքականացաւ, իսկ անոր մասնակիցները կուսակցականացան, եւ այսօր անոր կորովը նահանջած է: Երբ յեղափոխութիւնը երկար կը տեւէ, ապա ան իր նպատակը կը կորսնցնէ, բայց եւ այնպէս պէտք չէ մոռնանք, որ մենք համայնքային երկրի մը մէջ կ՛ապրինք: Ես համոզուած եմ, որ անխոնջ աշխատանքով կրնանք փոխել, իսկ փոփոխութիւնը կը սկսի մօտիկ ապագային` երեսփոխանական ընտրութիւններով: Այսօր կը վկայենք երեսփոխաններու հսկայական թիւ մը, երիտասարդներ եւ արտերկրի լիբանանցիներ, դրամատուներու տէրեր կամ մեծահարուստ գործատէրեր թեկնածութիւն կ՛առաջադրեն, քաղաքական անձնաւորութիւններ քաղաքական իրենց գործունէութիւնը կ՛առկախեն … այս իրականութիւնը առողջ է», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նշեց, որ կարելի չէ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ խուսափիլ կամ փոփոխութիւն մը յառաջացնելու յոյսը կորսնցնել: «Ընտրութիւններուն չմասնակցելով կարելի չէ 16 մայիսին վերադառնալ եւ ըսել, որ դժգոհ ենք: 1992-ին քրիստոնեաները պոյքոթի ենթարկեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները, սակայն աշխարհի բոլոր երկիրները Լիբանանի նորընտիր խորհրդարանը ճանչցան իբրեւ օրինական խորհրդարան: Այսօր, եթէ լիբանանցիները չմասնակցին երեսփոխանական ընտրութիւններուն, դարձեալ նորընտիր խորհրդարանը պիտի ճանչցուի իբրեւ օրինական խորհրդարան», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

 

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Հըզպալլայի Եւ Սուրիոյ Առանցքին Մէջ

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցին պէտք է վերջ տայ օտար երկիրներուն վրայ իր դրած գրաւին:

Տեսանք ի՛նչ պատահեցաւ Աֆղանիստանի, Սուտանի, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ մէջ … զանոնք հրահրեցին եւ ապա լքեցին: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունի իր անկախ որոշումը, եւ ոչ ոք կրնայ անոր որեւէ կեցուածք, որոշում կամ քաղաքականութիւն պարտադրել: ՀՅ Դաշնակցութիւնը սուրիական-իրանեան առանցքին մասին չի կազմեր, այլ` հայ-լիբանանեան առանցքին», ընդգծեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր որոշումները կու տայ` հիմնուելով իր սկզբունքներուն վրայ:

«Քաղաքական ամբողջ մեր տրամաբանութիւնը հիմնուած է Լիբանանը պահպանելու վրայ` իբրեւ համերաշխութեան երկիր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու վրայ: Երբ Վիեննայի համաձայնութիւնը գոյանայ, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ծոցի եւ արեւմտեան երկիրներ կ՛այցելէ, եւ երբ Ուքրանիա իր ճակատագիրին ձգուի, մենք ի՞նչ առանցքներու մասին է, որ կը խօսինք: Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է խոհեմ ու հասուն կերպով մտածենք, եւ դուրս գանք այն տրամաբանութենէն, թէ արեւը աշխարհին մէջ կը ծագի` լիբանանցի ղեկավարութիւններու որոշումով: Մենք` իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութիւն, արտաքին ոչ մէկ հրահանգի ենթակայ ենք», ըսաւ ան:

 

Ինչո՞ւ ՀՅԴ–ն Կ՛ուղղուի Աւանդական Քաղաքական Ուժերուն Եւ Ոչ Փոփոխութեան Ուժերուն Հետ Գործակցելու

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայ համայնքը Լիբանանի հիմնական 7 համայնքներէն մէկն է, որ մնացեալ համայնքներուն մէջ փոքրագոյնն է: «Մենք կրօնական ու ազգային համայնք ենք եւ մեր իրաւունքն է մտածել հայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու ու հայկական կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները խորհրդարան հասցնելու մասին, որովհետեւ անոնք են, որոնք լիբանանահայ ինքնութիւնը կը պահպանեն` յարգելով հանդերձ բոլորը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ իրենք քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող տարբեր թեւերուն հետ հանդիպած են` աւելցնելով, որ այդ խմբաւորումներուն մեծամասնութիւնը համոզուած է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը փտածութեան եւ իշխանութիւններուն սխալ ընթացքին մաս չի կազմեր:

«Մենք այդ խմբաւորումներուն հետ սերտեցինք գործակցութեան կարելիութիւնները, սակայն ի յայտ եկաւ, որ թիւերը քաջալերական չեն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջողութիւն արձանագրելու իմաստով: Ինչպէս գիտէք, ընտրական ներկայ օրէնքը հիմնուած է թիւերու եւ հաշուարկներու վրայ, եւ եթէ մենք կը փափաքինք երկրին մէջ փոփոխութիւն արձանագրել եւ քաղաքական նոր գործելաոճ ու բառամթերք օգտագործել, ապա պէտք է խորհրդարանին մէջ ունենանք մեր ներկայացուցիչները: Փոփոխութիւնը կ՛արձանագրուի սահմանադրական եւ օրինական շրջագիծի մէջ` պետական հաստատութիւններուն ընդմէջէն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան նշեց, որ արտաքին աշխարհին նպատակն է երկրին պետական հաստատութիւնները հարուածել, նոյն այդ հաստատութիւնները, որ օրին իրենք հիմնեցին Թաէֆի մէջ` սէուտական-ամերիկեան-սուրիական համաձայնութեամբ: «Այսօր անոնք կը փափաքին քանդել այդ հաստատութիւնները` իրենց արտաքին շահերուն համար: Այդ քանդումը կը ջանան իրականացնել դրամատնային մարզին ճամբով: Արտաքին ուժերը ճնշում կը բանեցնեն ժողովուրդին վրայ, որպէսզի ան իր իշխանութեան ընդդիմանայ: Ո՞վ կազմեց իշխանութեան երրորդութիւնը: 1975-ին մասնատեցին լիբանանեան բանակը, եւ յանկարծ ան դարձեալ միացաւ… Ինչպէ՞ս բաժնուեցաւ, ինչպէ՞ս միացաւ: Արտաքին որոշումով:

Ինչո՞ւ մենք պէտք է արտաքին ուժերու ձեռքին խաղալիքը ըլլանք: Ո՞ւր է պետութիւնը: Մենք ենք պետութիւնը, ժողովուրդն է պետութիւնը, ժողովուրդն է իշխանութիւններուն աղբիւրը: Փոփոխութեան ուժերը ի՞նչ պատճառով չկրցան միանալ», հարց տուաւ Յ. Բագրատունի:

 

Աղբերու Թղթածրար Եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Դէմ Փտածութեան Ամբաստանութիւն

Անդրադառնալով Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին ՀՅԴ-ի հակառակորդ ուժերու կողմէ առաջ քշուած քարոզչութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ աղբի թղթածրարին հարցով ՀՅԴ-ին դէմ ուղղուած խօսքերէն բացի ոչինչ կայ, ոչ մէկ փաստաթուղթ, որ կը փաստէ, թէ ան փտած է, եւ կամ այդ հարցով փտածութիւն արձանագրուած է:

«Ո՛վ որ մեր խօսքին չի հաւատար, թող ուղղուի Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր եւ իր աչքով տեսնէ, թէ անիկա երեք տարիէ ի վեր փակ է: Իսկ անոր մօտ կը գտնուի Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրը, որուն մասին ոչ ոք կը խօսի: Իսկ ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան փոխանցուած գումարներուն, ապա համապատասխան դատական իշխանութիւններն ու հաշուեքննիչ դիւանը հաստատած են հաշուական բոլոր գործառնութիւններուն ճշգրտութիւնը: Այս քարոզչութեան վարժուած ենք, եւ այլեւս անիկա սպասուած նուագի մը ձայնը կու տայ», ըսաւ ան:

 

ՀՅ Դաշնակցութեան Թեկնածուներն Ու Դաշինքները

Անդրադառնալով տարբեր շրջաններուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն եւ դաշինքներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ  ինք ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Մեթնի թեկնածուն է` աւելցնելով, որ Զահլէի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ընտրական դաշինք գոյացած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ:

«Արտօնեցէք սակայն, որ թեկնածուներուն անունները չյայտարարենք, որովհետեւ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի կատարուի այդ յայտարարութիւնը», նշեց ան:

Նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի թեկնածութիւնը յետս կոչելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ան նախարարութեան մէջ ինքզինք փաստեց իբրեւ արդիական նոր ոճով գործող նախարար` աւելցնելով, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայացաւ Կեդրոնական կոմիտէին եւ յայտնեց, որ ներկայ փուլին կը նախընտրէ մնալ հանրային ծառայութեան ոլորտին մէջ:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի թեկնածութեան մասին ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ տարակարծութիւն չկայ, այլ` յարգանք:

 

Ընտրական Դաշինքներ

Անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն անձնասէր եւ կռնակէն հարուածող քաղաքական ուժ մը չէ:

«Մենք կատարեցինք մեր հաշուարկը, որմէ ի յայտ եկաւ, որ Մեթնի մէջ ՀՅԴ-ի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ գոյանալիք ընտրական դաշինքը երկու կողմերուն համար պարտութիւն կը նշանակէ, այսինքն` ո՛չ կարելի է Ազգային ազատ հոսանքի թեկնածուներուն, ո՛չ ալ ՀՅԴ-ի թեկնածուին յաջողութիւնը երաշխաւորել», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար պարտութիւնը այլ կուսակցութիւններու պարտութեան չի նմանիր, այլ` աւելի ծանր է, որովհետեւ լիբանանահայը խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ կերպով չի ներկայացուիր եւ կը կորսնցնէ Լիբանանի մէջ իր գոյութեան ոգին ու կարողութիւնները:

Ապօրինի կերպով պաշտօններ ստանձնած քաղաքացիներուն մէջ լիբանանահայ քաղաքացիներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հինգ հազար քաղաքացի հաշուող այդ թղթածրարին մէջ միայն երկուքը հայեր են, որոնցմէ մէկը պաշտօն ստացած է երեսփոխանի մը միջնորդութեամբ, ոչ ՀՅ Դաշնակցութեան, իսկ երկրորդը պաշտօն ստացած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջնորդութեամբ: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ հայու ապօրինի պաշտօններ ապահոված է», հաստատեց ան:

 

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յուսախաբութեա՞ն Մատնած Էք

«Ճիշդ կ՛ըլլայ, որ այս հարցումը ուղղէք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Ան նշեց, որ եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք չգոյանար, ապա ՀՅ Դաշնակցութիւնը այլոց հետ կրնար դաշնակցիլ:

«2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կրնայինք ընտրական դաշինք մը գոյացնել հանգուցեալ Միշել Մըրի հետ եւ դարձեալ յաղթանակ կ՛արձանագրէինք: Մեր պատմութիւնը կ՛օգնէ մեզի, որ յաջողինք: Իսկ եթէ ընտրական օրէնքին պատճառով այսօր դաշնակիցներ իրարու կ՛օժանդակեն, ապա մեծամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած օրէնքին օրերուն պէ՛տք է յիշեն, որ ո՛վ կ՛օժանդակէր միւսին», աւելցուց ան:

Հզօր Լիբանան համախմբումին հետ յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Որոշ հարցերու պարագային մեր կեցուածքները կը տարբերին համախմբումին կեցուածքներէն, եւ այդ մէկը բնական է: ՀՅ Դաշնակցութեան մօտ այդ ընթացքը նոյնը եղած է այն օրերէն, երբ զօր. Միշել Աուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարն էր: ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանքին մօտ այս մէկը յատկանշական է. անոնք կը յարգեն մեր իւրայատկութիւնը եւ մենք կը յարգենք անոնց կեցուածքները»:

 

ՀՅ Դաշնակցութիւն – Մըր Դաշինքը` Սուրիական Ծածկով

ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Մըր ընտանիքին միջեւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ գոյացած դաշինքին սուրիական հովանաւորութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի կասկած յայտնեց, որ ըլլան մարդիկ, որոնք հաւատան, թէ սուրիացին պիտի զօրակցի Էլիաս Մըրի զաւկին:

Ան կոչ ուղղեց իրապաշտ ըլլալու եւ յիշելու, թէ Էլիաս Մըրի եւ սուրիացիներուն միջեւ կայ տարակարծութիւն:

«Ի՞նչ են այն կարելիութիւնները, որ Սուրիա պէտք է ունենայ` երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն զօրակցելու համար», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւնները լաւ են ու պաշտօնական` աւելցնելով, որ իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ինք կ՛ընդունի բոլոր երկիրներուն դեսպանները:

«Մենք քաղաքական այն ուժն ենք, որ անցեալին Պէյրութ-Դամասկոս ճամբան չենք չափած եւ Սուրիոյ հետ ամէնօրեայ շահակցական կապեր չենք հաստատած: Իսկ սուրիահայութեան պարագային, Սուրիոյ մէջ կայ ՀՅ Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէն, որ կը գործակցի սուրիական իշխանութիւններուն հետ, եւ մենք այս իմաստով չենք միջամտեր եւ կարծիք չենք յայտներ: Այս է ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, եւ երանի անոր գործադրութիւնը կարելի դառնայ Լիբանանի մակարդակով», մաղթեց Յ. Բագրատունի:

 

Ամբոխահաճոյ Կեցուածքներ

Երեսփոխան Բագրատունի յարմար նկատեց, որ այս փուլին խորհրդարանը յաւելեալ նիստեր չգումարէ, որովհետեւ անոր որդեգրելիք բոլոր որոշումները պարզապէս պիտի շահագործուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաւելեալ ձայներ ապահովելու: «Նոյնն էր պարագան աշխատավարձի յաւելումներու որոշումին, 2018-ի ընտրութիւններուն նախօրէին», նշեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք ամբոխահաճոյ որոշումներ չի տար, այլ` կ՛ապրի ժողովուրդին տառապանքներով: «Նոյն տառապանքը անձամբ ապրեցայ, երբ ստիպուեցայ քոյրս հիւանդանոց փոխադրել, եւ ես գիտեմ ի՛նչ ծախսերու մասին կը խօսիմ», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք սկիզբէն զգուշացուցած է երկրին իշխանութիւնները` տնտեսական տագնապին ի տես ստեղծուելիք ժողովրդային պոռթկումին մասին, «իսկ երբ տակաւին անդունդի եզրին ըլլալու մասին էր խօսքը, ես կը հաստատէի, որ եզրին չենք, այլ` անդունդին յատակը», շեշտեց ան, եւ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան հասած է այն կէտին, որ դարձած է Միջազգային դրամական ֆոնտին, Միջազգային դրամատան եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն պատանդը:

 

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն: