Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը երէկ արտակարգ նիստ մը գումարելով, որոշում ընդունեց, որուն հիմամբ «Ալ-Մուսթաքպալ» պլոքի անդամ Տիմա Ժամալի զրկուեցաւ երեսփոխանական իրաւունքներէն: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Ժատիտ» կայանը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը օրակարգի եւ քննարկման թեմայ դարձած է Թրիփոլի քաղաքի երեսփոխանական թեկնածու Թահա Նաժիի կողմէ կատարուած դիմումին հիմամբ:
Սահմանադրական խորհուրդը նաեւ նշեց, որ ներկայ պահուն Թրիփոլիի սիւննի հինգերորդ աթոռը պիտի յայտարարուի թափուր եւ յառաջիկայ երկու ամիսներուն տեղի պիտի ունենան արտակարգ մասնակի ընտրութիւններ:
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ «Ալ-Մուսթաքպալ» պլոքը հետամուտ է դարձեալ որդեգրել Տիմա Ժամալիի թեկնածութիւնը:
Իր կարգին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը վրդոված է եղածէն եւ դէպքը կը համարէ կռնակէն տրուած դաշոյնի հարուած մը: