ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփը պարգեւ յանձնած են հայաստանցի լրագրող եւ պլոկըր Լիւսի Քոչարեանին՝ մտաւոր խնդիրներ ունեցող երեխաներու հիմնախնդիրները բարձրաձայնելու եւ հոգեբանական, ֆիզիքական ու ընտանեկան բռնութեան ենթարկուածներուն հարթակ տրամադրելու համար։
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը նշած է, որ Լիւսի Քոչարեանն առաջին հայաստանցին է, որ արժանացած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքի «Խիզախ կին» միջազգային մրցանակին: