image

Հալէպ. Տեղի ունեցած է երիտասարդաց հաւաք

Հալէպ. Տեղի ունեցած է երիտասարդաց հաւաք

Հալէպի մէջ Բեթէլ Եկեղեցւոյ ՔՋ խումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է կիսօրեայ հաւաք մը՝ Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի մասնակցութեամբ, երիտասարդներու համախմբման եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման նպատակով։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը

Ուրբաթ, 10 Ապրիլ 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ ՔՋ խումբը կազմակերպեց կիսօրեայ հաւաք մը՝ Հալէպ Քոլէճի Աղջկանց բաժնի մէջ։ Յայտագիրը սկսաւ միասնական պաշտամունքով, ուր երիտասարդները վերանորոգեցին իրենց նուիրումը ծառայելու Քրիստոսի եւ եկեղեցիի համար։

Հաւաքը շարունակուեցաւ խմբային խաղերով եւ հաղորդակցութեամբ, որոնք նպաստեցին փոխադարձ ծանօթացման, ուրախ մթնոլորտի եւ միասնական ոգիի ամրապնդման։ Երեկոյեան, մասնակիցները միասին վայելեցին համեստ ընթրիք մը՝ երիտասարդներուն պատրաստութեամբ։

Այս առիթով, ջանիցականները նաեւ նշեցին Բեթէլ Եկեղեցւոյ հովիւ, Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ծննդեան տարեդարձը՝ արտայայտելով իրենց երախտագիտութիւնը անոր հովուական ծառայութեան եւ նուիրումին համար։