image
Հրատապ լուրեր:

«Մէկ կաթիլ մեղր»ի պատմութիւն Մոսկուայի մէջ. Տեղի ունեցած է մեծ ծեծկռտուք

«Մէկ կաթիլ մեղր»ի պատմութիւն Մոսկուայի մէջ. Տեղի ունեցած է մեծ ծեծկռտուք

Սթաւրոփոլի երկրամասի Միներալնիէ Վոտի քաղաքին մէջ գնչուներու հարսանիքը ծեծկռտուքով աւարտած է. 29 մարդ բերման ենթարկուած է ։

Shot թելեկրամեան տուեալներով՝ ծեծկռտուքի պատճառը շամփայնի թափուած բաժակը եղած է: Երբ հիւրերէն մէկը պատահաբար շամփայնը բաժակէն թափած է այլ հիւրի վրայ, որու հետեւանքով սկսած է ծեծկռտուք։ Ճաշարանի աշխատակիցները փորձած են բաժնել եւ հանգստացնել հիւրերը, սակայն ի վերջոյ ոստիկանութիւն կանչած են ։

Ծեծկռտուքին ինը մասնակից վարչական պատիժ ստացած է «Մանր խուլիգանութիւն» յօդուածով։