(ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 112-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
* -Շնորհաւոր ըլլայ, կարծես մեղրալուսինդ հաճելի անցուցած ես տիկնոջդ հետ, ծովու ափին, լեռներու լանջին: Արդեօք Սեւանայ լիճի ափի՞ն էիք:
-Ոչ, ոչ, Մարմարիս էինք:
-Մարմարի՞ս:
-Այո, ինչո՞ւ կը զարմանաս: Հոն թուրքերը հիւրընկալ, բարեմոյն, բարեհամբոյր, ազնիւ, անկեղծ, հիւրամեծար, մարդամօտ, մարդամեծար, ժպտերես էին:
-Ուրեմն գոհ մնացիք:
-Անշուշտ. գալ տարի ալ պիտի երթանք:
-Բարեւ ըրէ հիւրամեծար ու անկեղծ մեր թուրք «եղբայրներուն»:
-Կեանքիդ ընթացքին Հայաստան գացա՞ծ ես:
-Ո՛չ:
* -Ինչո՞ւ առանձին ես այսօր, ո՞ւր է տիկինդ:
-Իր հայրենիքը գնաց, տօնական օրերը ծնողներուն հետ անցընելու: Վերջապէս իր իրաւունքն է չէ:
-Ամառուան կիսուն ի՞նչ տօնական օրեր, եղբայր:
-Թունուզ գնաց, Ռամատանի առիթով:
-Ինչու կինդ այլադաւա՞ն է:
-Ոչ, էր, բայց հայկական եկեղեցւոյ մէջ ամուսնութեամբ՝ քրիստոնեայ եղաւ:
-Երանի դուն իսլամ ըլլայիր, աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար:
* -Անունդ ի՞նչ է ճանիկ:
-Ես իմ մեծ հօրս անունով կոչուած եմ, ան ալ իր հերթին անուանի ֆետայի Գէորգ Չաւուշի անունով:
-Ուրեմն՝ Գէորգ ես:
-Ո՛չ, Գեւի:
-Եղբօրդ անունը ի՞նչ է:
-Ան ալ միւս մեծ հօրս անունով կոչուած է, որ իր հերթին զօրավար Անդրանիկի անունը կը կրէ:
-Ուրեմն եղբայրդ Անդրանի՞կ է:
-Ո՛չ, Անթոնի:
-Դուն պարոն Գրիգորին որդին չե՞ս:
-Ո՛չ, առաջ պարոն Գրիգորին, վերջին տարիներուն՝ Կրէկին:
-Կեցցէ՛ք բոլորդ:
* -Ուրիշ էր հայրդ. սերունդներ շա՜տ երախտապարտ են մեծ դաստիարակ հօրդ, որ հայերէն լեզուն սորվեցուց 40 տարիներու ընթացքին. հայերէն բառերն ու գրականութիւնը սիրել տուաւ սաներուն՝ իր հնարամիտ եւ նորարարական միջոցներով: Ան այնքա՜ն բծախնդիր եւ Մեսրոպապաշտ էր, որ իւրաքանչիւր բառ գանձ ու մասունք կը նկատէր: Մեծ վաստակ ունեցաւ հայագիտութեան զարգացման մէջ: Յիշատակը բարի մնայ:
-Thank you sir for your attention, I read your article about my father, I appreciate your attitude. You are so kind.
- Թենք եու:
* - Ա՜խ, սկսած եմ տառապիլ, արդէն մեր տունը նեղ կու գայ մեզի, խճողուած ենք. ի՞նչ պիտի ընենք:
- Ինչո՞ւ, փառք Տիրոջ, ձեր տունը ընդարձակ է. հինգ սենեակ, մեծ խոհանոց, բաղնիքներ, եւ այլն:
-Մենք բազմանդամ ենք: Այո, թէպէտ միայն մէկ պզտիկ ունինք, բայց շատուոր ենք: Երեք մնայուն սպասուհի կայ տուներնիս. եթովպիացին՝ մաքրութեան համար, սրի լանքացին՝ գնումներու եւ ֆիլիփինցին՝ երեխայիս հոգ տանելու համար:
- Բայց նորէն կը բաւէք ձեր տան մէջ:
- Երկու հատ ալ հսկայ շուներ ունինք. խճողուած ենք:
- Շունե՞ր ալ ունիք:
-Անշուշտ, ամէն օր երկու շուներս կը պտըտցնեմ, ի՜նչ հաճելի է: Իսկ երեխայիս սպասուհին կը նայի, հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ: Ահա թէ ինչու խճողուեցանք:
-Դուք հայկական աւանդական ընտանիքներու պէս բազմանդամ էք...:
-Այո, մենք հայկական աւանդական ընտանիք ենք, Արեւմտեան Հայաստանէն սերած: Պատիւ ունինք անոր համար:
* -Տղաս, աքլորը «ք»ով կը գրեն, ոչ թէ «գ»ով:
-Ո՛չ, «գ»ով է, ահա ուսուցչուհիին պատրաստած դասատետրը:
-Տղաս, հայերէն լեզուին մէջ աքլորը «ք»ով է:
-Ո՛չ, «գ»ով է:
-Երեւի կիպրական աքլորները «գ»ով են, բայց իմացիր աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ աքլորները «ք»ով են:
*-Այս երիտասարդ տղամարդը ո՞վ է, փէշով հայկական եկեղեցի եկած է՝ Սուրբ Պսակի արարողութեան հետեւելու:
-Իր ազգային տարազով է, ինչո՞ւ ապշած ես արդեօք:
-Այսինքն՝ Շատախի՞, Վանի՞ թէ՞ Զէյթունի տարազով:
-Ո՛չ, սկովտիացի է, դէմքին նայէ, ի՜նչ սիրունիկ փեսացու է:
-Որո՞ւ փեսացուն:
-Մեր հայկական վարժարաններու հոգաբարձուներէն մէկուն. մայրը ռուս, հօրեղբօր կինը անգլիացի, մէկ փեսացուն յոյն, միւսը՝ սկովտիացի:
-Ուրեմն՝ անոր համար հոգաբարձու նշանակուած է. չէ՞ որ հայեցի դաստիարակութիւնը, հայկական վարժարաններու հոգաբարձութիւնները մենք կը վստահինք ուծացած մարդկանց: Սա արդէն տարածուն, ընդունուած երեւոյթ դարձեր է:
*-Կեանքիդ ուղին կրնա՞ս ուրուագծել:
-Արմատներս՝ վանեցի. ծնած եմ Պարսկաստան, ապա անցած ենք Հալէպ՝ որմէ՝ Պէյրութ. կռիւներէն ետք անցանք Ֆրանսա, քիչ մը հոն մնալէ ետք փոխադրուեցանք Մեքսիքօ եւ յետոյ հաստատուեցանք ԱՄՆ. վերջին 20 տարիներուն ԱՄՆի մէջ ենք: Շատ ռիլէքս ենք Լոսի մէջ, մենք մեզի զուտ հայ կը զգանք:
-Հայաստան եղա՞ծ ես կեանքիդ մէջ, որ արդէն հասած է 80-ի կէսերուն:
-Ո՛չ, սօրի, բայց կտակած եմ որ յետ-մահու զիս փոխադրեն Հայաստան. երազս է արիւնս շաղախել հայրենի սուրբ ու նուիրական հողին:
-Ի՜նչ հայրենասիրութիւն. գոնէ յետ-մահու կը նպաստես հայրենաշինութեան գործին: Ապրի՛ս:
*-Պապա, ընկերներով սինեմա պիտի երթանք:
-Որո՞ւ հետ, Կարէնի՞ն, Պօղոսի՞ն, Ռաֆֆիի՞ն:
-Ոչ, Մուհամմէտին. դասընկերներով պիտի ըլլանք՝ Քիրիաքոն, Եորկոն, Ֆարիտան, Եաննոն, Էլենին, Եասինը:
-Բարեւ ըրէ Մուհամմէտին:
* -Անթիլիասի Մայրավանքի բակին մէջ գտնուող Սբ. Ստեփանոս մատրան մէջ ամփոփուած Տէր Զօրէն բերուած մեր նահատակ մեծ ծնողներուն աճիւնները ինչպէ՞ս կ'ըսենք:
-Մասունքներ, նշխարներ, ոսկրտիք. ուրիշ ի՞նչ:
-Ինչո՞ւ վերջերս Ֆէյսպուքի մէջ հանրածանօթ պատմաբան մը «ցուցանմոյշ» կոչած էր:
-«Ցուցանմո՞յշ». երեւի աճապարանքով գրած է, կամ լեզուի սայթաքում պատահած է: Պէտք է ներել:
-Ինչո՞ւ:
-Որովհետեւ, անցեալին այդ մատրան մէջ իր ծնողները կը փղձկէին յուզմունքէն, ինքն ալ հոն կ'այցելէր յուզաթաթաւ զգացումներով: Բայց երեւի ԱՄՆ երթալէն ետք, «ամիրիկահայ գիտնական» ըլլալէ յետոյ, ազգային հարցերու շուրջ գաղափարներու փոփոխութիւն կրեր է: Հեգնական «ցուցանմոյշ»ը կը փաստէ, որ մամոնան նկարագիր կը շրջէ: Չէ՞ որ Յակոբ Պարոնեան գրած է.- երբ հաց ու պանիր կ'ուտէր ազգային հարցերով կը զբաղէր, միս ուտելու սկսաւ՝ ազգային հարցերը մոռցաւ:
*- Տղաս, Վարուժան Սրբազանը քեզի դպիր ձեռնադրեց որ ամէն Կիրակի եկեղեցի երթաս եւ հոն շապիկ հագնելով եկեղեցւոյ ծառայես: Մոռցա՞ր: Ինչո՞ւ եկեղեցի չես յաճախեր:
-Պապա, դուն ալ Կիպրոսի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի (թեմական) անդամ ընտրուեցար, ինչո՞ւ եկեղեցի չես յաճախեր, ինչպէս նաեւ միւս ազգային երեսփոխանները:
-Ներողութիւն տղաս, իրաւունք ունիս: Կը նահանջենք բանիւ եւ գործով:
Այսպիսի հազարաւոր պատկերներ կարելի է քաղել ամէն տեղէ եւ աւելի ահաւոր երանգներով. սակայն՝ այսօր յիշելով Շահան Շահնուրի ծննդեան 112-րդ ամեակը (3 Օգոստոս 1903), կ'ապշինք՝ թէ ինչպէ՞ս ան 1927-ին մարգարէանալով սփիւռքի մերօրեայ իրականութիւնը, կը գրէր ներքեւի հոգեցունց տողերը.
«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին:
Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան ազգ ու լեզու, եւ հերոսներ, որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մե՛նք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ, ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ