Միտքս ինքնաբերաբար գնաց «մեր» 2018-ի յեղափոխութեան ու սկսայ մտածել թէ ինչպէս ան պիտի յիշուի 50 տարի ետք:
Փորթուկալը եւ Հայաստանը իրարմէ շատ տարբեր են. չեմ խորհիր որ մէկը միւսին օրինակ կրնայ ըլլալ: Երկու ազգերուն իւրայատուկ պատմութիւնները առհասարակ նմանութիւններ չունին. երկու հարիւր տարիէ ի վեր Փորթուկալը իր հողին վրայ պատերազմ չէ տեսած (իր գաղութատիրութեան պատերազմներէն դուրս), 1949-էն ի վեր Հիւսիսատլանտեան (ՆԱԹՕ) դաշինքի անդամ է, Եւրոպական Միութեան երկիրներէն մէկը, սահմանակից է մէկ բարեկամ պետութեան ու բաց դէպի անսահման ովկիանոս մը:
Բայց Փորթուկալի 20-րդ դարու պատմութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ եղած: 1974-ին արեւմտեան եւրոպայի ամենէ աղքատ երկիրն էր: Բնակչութեան մէկ քառորդը գրել ու կարդալ չէր գիտեր: Չափազանց պահպանողական բռնապետութիւն մը երկիրը կը կառավարեր բիրտ ուժով: Բանակը գաղութատիրական պատերազմներ կը մղեր Ափրիկէի մէջ եւ այլուր: Եկեղեցին մենատիրութիւնը կ'արդարացներ, ու մի քանի ընտանիքներ կը տիրապետէին երկրին հարստութեան: Մէկ միլիոն քաղաքացիներ արտագաղթած էին երկրէն տնտեսական եւ քաղաքական ծանր կացութեան պատճառով:
Յիսուն տարի ետք, երբ կը դիտէի հարիւր հազարաւոր մարդոց տողանցքը «Ազատութիւն» պողոտայէն վար, յեղափոխութիւնը տօնելու զուարճանքով (ես ալ մէջերնին), երեք յատկանշական կէտեր միտքէս անցան:
Առաջինը՝ ընդհանուր համաձայնութիւնը փորթուկալական հասարակութեան մէջ, որ Ապրիլ 25-ի յեղափոխութիւնը դրական երեւոյթ մըն է որովհետեւ ան առաջնորդեց երկրին արդիականացման, ժողովրդավար հիմքերու կառուցման, ընդհանուր զարգացման եւ աշխարհին հետ առնչուելու ընթացքին: Յեղափոխութիւնը փորթուկալցիները կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ:
Այսօր Ապրիլ 25 է, եւ Փորթուկալցիները կը նշեն իրենց 1974-ի յեղափոխութեան յիսնամեակը: Յեղափոխութիւն մը որ հիմնականօրէն ձեւափոխած է երկիրը: Շատ մը ձեռնարկներ տեղի կ'ունենան՝ ելոյթներ Խորհրդարանէն ներս, այլ պաշտօնական հանդիսութիւններ, ներկայացումներ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ այլազան վայրերու մէջ, մշակութային միջոցառումներ, համերգներ եւ հանրային հաւաքոյթներ: Ամեն մարդ տօնական տրամադրութեան մէջ է, մեխակներով զարդարուած -- խաղաղ յեղափոխութեան խորհրդանիշը:
Միտքս ինքնաբերաբար գնաց «մեր» 2018-ի յեղափոխութեան ու սկսայ մտածել թէ ինչպէս ան պիտի յիշուի 50 տարի ետք:
Փորթուկալը եւ Հայաստանը իրարմէ շատ տարբեր են. չեմ խորհիր որ մէկը միւսին օրինակ կրնայ ըլլալ: Երկու ազգերուն իւրայատուկ պատմութիւնները առհասարակ նմանութիւններ չունին. երկու հարիւր տարիէ ի վեր Փորթուկալը իր հողին վրայ պատերազմ չէ տեսած (իր գաղութատիրութեան պատերազմներէն դուրս), 1949-էն ի վեր Հիւսիսատլանտեան (ՆԱԹՕ) դաշինքի անդամ է, Եւրոպական Միութեան երկիրներէն մէկը, սահմանակից է մէկ բարեկամ պետութեան ու բաց դէպի անսահման ովկիանոս մը:
Բայց Փորթուկալի 20-րդ դարու պատմութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ եղած: 1974-ին արեւմտեան եւրոպայի ամենէ աղքատ երկիրն էր: Բնակչութեան մէկ քառորդը գրել ու կարդալ չէր գիտեր: Չափազանց պահպանողական բռնապետութիւն մը երկիրը կը կառավարեր բիրտ ուժով: Բանակը գաղութատիրական պատերազմներ կը մղեր Ափրիկէի մէջ եւ այլուր: Եկեղեցին մենատիրութիւնը կ'արդարացներ, ու մի քանի ընտանիքներ կը տիրապետէին երկրին հարստութեան: Մէկ միլիոն քաղաքացիներ արտագաղթած էին երկրէն տնտեսական եւ քաղաքական ծանր կացութեան պատճառով:
Յիսուն տարի ետք, երբ կը դիտէի հարիւր հազարաւոր մարդոց տողանցքը «Ազատութիւն» պողոտայէն վար, յեղափոխութիւնը տօնելու զուարճանքով (ես ալ մէջերնին), երեք յատկանշական կէտեր միտքէս անցան:
Առաջինը՝ ընդհանուր համաձայնութիւնը փորթուկալական հասարակութեան մէջ, որ Ապրիլ 25-ի յեղափոխութիւնը դրական երեւոյթ մըն է որովհետեւ ան առաջնորդեց երկրին արդիականացման, ժողովրդավար հիմքերու կառուցման, ընդհանուր զարգացման եւ աշխարհին հետ առնչուելու ընթացքին: Յեղափոխութիւնը փորթուկալցիները կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ:
Երկրորդը՝ երկրին գլխաւոր քաղաքական ուժերը համաձայն են Փորթուկալի հիմնական ուղղութեան եւ պետական ռազմավարութեան. Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւն, շուկայական տնտեսութիւն, ժողովրդավար համակարգ, եւ երկրին կարողութիւններուն ճիշտ գնահատումը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Կարեւոր կուսակցութիւնները կը գործակցին, ըստ պէտքի, կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ, մանաւանդ երբ որեւէ կուսակցութիւն բացարձակ մեծամասնութեամբ չէ ընտրուած: 1974-էն ի վեր Փորթուկալը կառավարուած է մեղմ աջակողմեան կամ մեղմ ձախակողմեան կառավարութիւններու կողմէ, շատ անգամ դաշնակցաբար: Սակայն այս գործակցութեան վրայ հիմնուած ընթացքը ներկայիս հարցման նշանի տակ դրուած է նոր ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան մը կողմէ, որ Մարտ ամսու ազգային ժողովի ընտրութիւններուն երրորդ տեղը գրաւեց: Բայց ընդհանուր քաղաքական մշակոյթը տակաւին արժէք կու տայ չափաւորութեան, հանդուրժողականութեան եւ կը մերժէ բեւեռածումը եւ ծայրայեղութիւնը:
Երրորդը՝ Փորթուկալի հասարակայնութիւնը հին յոյներու Յանոս չաստուածին նման է՝ մէկ երեսը առջեւ կը նայի իսկ միւսը ետեւ. աւանդութեան կառչած բայց առանց նորը եւ այժմէականը մերժելու: Այս երկուութիւնը կ'երեւի Լիզպոնի ճարտարապետութեան մէջ, աշխոյժ մշակութային ստեղծագործութեան մէջ ու բազմապատիկ նոր ճաշարաններու ճաշացուցակներուն մէջ: Բացուիլ աշխարհին եւ միեւնոյն ժամանակ սերտօրէն կապուած մնալ պատմական եւ մշակութային արմատներուն -- դժուար է պահել այս հաւասարակշռութիւնը, զոր փորթուկալցիները յաջողած են պահպանել մինչեւ հիմա: Դէպի ներս նայուածքը կը տատանի դէպի դուրսին հետ, ազգայնականութիւնը բարեխառնուած ու մեղմացուած է հանդուրժողութեամբ, ու անցեալը շաղուած է (անշուշտ՝ ընտրովի) ապագային հետ:
Սա չի նշանակեր, որ Փորթուկալը կատարեալ երկիր մըն է: Ունի կաշառակեր քաղաքական գործիչներ, անճարակ պաշտօնակալութիւն, տնտեսական հարցեր, առողջապահական համակարգ մը որ կարեւոր բարելաւումներու պէտք ունի, եւ ծայրայեղ ժողովրդապաշտ քաղաքական հոսանք մը որ նոր թափ առած է: Բայց Ապրիլ 25-ին, բոլոր փորթուկալցիները քով-քովի եկան եւ տօնեցին իրենց յեղափոխութիւնը. պատուեցին հերոսները, հաստատեցին իրենց հաւատքը ժողովրդավարութեան հանդէպ եւ նայուածքնին շեղեցին դէպի ապագայ:
Արդեօք մենք՝ հայերս ինչպէ՞ս պիտի յիշենք 2018-ի յեղափոխութիւնը 50 տարի ետք, եթէ զայն երբեւիցէ պիտի յիշենք:
Ի դէպ, Փորթուկալն ալ սահմանային վէճ մը ունի Սպանիոյ հետ որ դարերէ ի վեր կը շարունակուի: Սահմանին մէկ փոքր մասը չէ սահմանագծուած: Բայց հարց մը չէ, որովհետեւ երկու երկիրներն ալ Եւրոմիութեան մաս կը կազմեն ու իրենց սահմանները բոլորովին բաց են: Վէճը վերածուած է անկարեւոր դրուակի մը, լուսանցքային պատմական ծանօթագրութեան մը, որ ոեւէ քաղաքական հետեւանք չունի:
Ո՛չ, Փորթուկալը օրինակ մը չէ Հայաստանի համար, բայց տարբեր իրականութեան մը արտացոլումը:
Ռազմիկ Փանոսեան
25 Ապրիլ 2024, Լիզպոն