image

«Միջանցք» անունով բան գոյութիւն չունի. Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան

«Միջանցք» անունով բան գոյութիւն չունի. Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան

Ես նիստ մը պիտի գումարեմ դեսպանութեան մէջ եւ բոլորդ հրաւիրեմ: Այս մասին ըսած է Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝  դիմելով լրագրողներուն:

Այն հարցումին, թէ ինչպէս կը գնահատէ ատրպէյճանական կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» բառակապակցութեան օգտագործումը՝ դեսպանը պատասխանած է, որ չէ լսած:

«Միջանցք անունով բան գոյութիւն չունի, խօսքը ճանապարհի մասին է: Ո՛չ «Խաղաղութեան պայմանագիր»ին մէջ եւ ո՛չ ստորագրուած հռչակագիրին մէջ միջանցքի մասին խօսք կայ, ոչ մէկ միջանցք պիտի ըլլայ», - նշած է Մեհտի Սոպհանի: 

Ան աւելցուցած է, որ «ոչ մէկ բան զօռով կ'ըլլայ»: 

Մեհտի Սոպհանի, պատասխանելով հարցին, թէ ինչ նպատակով Ազգային Ժողով էր, ըսած է, որ Իրանի փոխ արտաքին գործոց նախարարը եւս ժամանած է Հայաստան եւ անոնք այժմ զբաղած են խորհրդարանական համաժողով կազմակերպելու հարցով: