image

Մարք Ռիւթէն ընտրուած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար

Մարք Ռիւթէն ընտրուած է ՆԱԹՕ-ի  ընդհանուր քարտուղար

Չորեքշաբթի՝ յունիս 26-ին, Հիւսիսաթլանթեան խորհուրդը որոշած է Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէն նշանակել ՆԱԹՕ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղար: Ան պիտի փոխարինէ Ենս Սթոլթընպերկը, որ դաշինքը ղեկավարած է 14 տարի։

Ռիւթէն ընդհանուր քարտուղարի իր գործառոյթները պիտի ստանձնէ 2024 թուականի հոկտեմբեր 1-էն: Ան 57 տարեկան է եւ 2010 թուականի հոկտեմբերէն չորս ժամկէտ անընդմէջ գլխաւորած է Հոլանտայի կառավարութիւնը:

Սթոլթընպերկը ողջունած է Մարք Ռիւթէն՝ որպէս իր իրաւայաջորդ եւ յայտարարած, որ ՆԱԹՕ-ն կը ձգէ «լաւ ձեռքերու մէջ»: