image
Հրատապ լուրեր:

Հին աշխարհէն եկած խօսքեր

Հին աշխարհէն եկած խօսքեր

Մոհիկանները հիւսիսամերիկեան բնիկ ցեղախումբ մըն էին. միւս բնիկներուն պէս, իրենք եւս երկար պայքարեցան եկուոր սպիտակներուն դէմ եւ անոնց պէս ալ ի վերջոյ պարտուեցան ու ենթարկուեցան Նոր աշխարհի օրէնքներուն: Ամերիկացի վիպասան մը՝ Ֆենիմոր Քուփըր, 19-րդ դարուն գրեց վէպ մը, որ կը կոչուի «Վերջին մոհիկանը» եւ որուն մէջ կը նկարագրէ այս ցեղախումբին պատկանող վերջին կարմրամորթը, որ զէն ի ձեռին եւ առանց յուսահատելու պայքարեցաւ յանուն հայրենի հողին, իր ցեղին ինքնութեան ու ազատութեան. այդ պայքարին մէջ ալ զոհուեցաւ: Այս վէպը այնքան գնահատուեցաւ, որ հետզհետէ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ օտար լեզուներու, հրատարակուեցաւ մեծ տպաքանակներով ու յափշտակուեցաւ ընթերցողներէն: Անոր խորագիրն ալ դարձաւ համաշխարհային դարձուածք մը, որով կը բնորոշուի վսեմ ու նուիրական գաղափարի մը համար աննահանջ, բայց եւ առանձին պայքարողը, որ այլեւս հետեւորդներ չունի իրեն զինակից ու գաղափարակից:

 

Մեր առօրեայ բանաւոր եւ գրաւոր խօսքին մէջ երբեմն կը գործածենք դարձուածքներ, որոնք նշանաւոր դարձած են իբրեւ խօսքը զարդարելու միջոցներ, բայց չենք անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս ստեղծուած է այդ դարձուածքը եւ ի՛նչ ծագում ունի եւ ի՞նչ է առհասարակ դարձուածք: Ժամանակակից լեզուաբան Արմենակ Եղիայեան իր «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց» գիրքին մէջ դարձուածքին իմաստը այսպէ՛ս կը բացատրէ.

«Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու, երբեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի, բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը, որուն բաղադրիչները կը կորսնցնեն իրենց բառային բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր՝ «դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Կարգ մը դարձուածքներ, շնորհիւ իրենց դիցաբանական, պատմական, բանահիւսական, աստուածաշնչական ու գրական առանձնայատուկ հենքին, յաջողած են դուրս գալ իրենց նեղազգային սահմաններէն եւ ստանալ համամարդկային հնչեղութիւն եւ իբրեւ «թեւաւոր խօսքեր»՝ կը զարդարեն բոլոր լեզուները»:

Եղիայեանի՝ վերջերս հրատարակուած այդ գիրքը մեծ տարածում գտած է գրաւիչ շարադրութեան շնորհիւ, ուր հեղինակը զատ բաժին յատկացուցած է դարձուածքներու: Յատկանշական է, որ դարձուածքներու հիմնական մասը մեր օրեր հասած են հին աշխարհէն։ Կու տանք փունջ մը.

 

ԱՆՆԻԲԱԼ ՄԵՐ ԴՌՆԵՐՈՒՆ Է

Քրիստոսէ առաջ՝ 218 թուին, կը սկսէր պատմութեան մեծագոյն արշաւանքներէն մէկը, որ տեւեց 17 տարի. ան ծայր առաւ հզօր Կարթագէնէն, -մօտաւորապէս արդի Թունուզէն,- հասնելու համար Հռոմ. այս արշաւանքին ձեռնարկողը քսանամեայ Աննիբալն էր: Հրաշալի զինուած ու կազմակերպուած, ինքն ալ հրաշալի ու առաքինի հրամանատար մը, ահարկու բանակի մը գլուխը՝ ան կտրեց ամբողջ Հիւսիսային Ափրիկէն, մտաւ Սպանիա, ուր ոչնչացուց հռոմէական լեգէոնները, շրջանցեց հարաւային Ֆրանսան՝ իր ճամբուն վրայ սրբելով ամէն դիմադրութիւն, անցաւ Ալպեանները եւս եւ անարգել կը մօտենար Հռոմին՝ իր ոխերիմ թշնամիին, որ կ՚ուզէր իր որջին մէջ իսկ անակնկալի բերել ու ճզմել: Ոչ մէկ ուժ կը յաջողէր կասեցնել անոր բանակներուն յառաջխաղացքը. իսկ այդ բանակներուն մաս կազմող փիղերու երամակները ահ ու սարսափի կը մատնէին դիմադրող հռոմէացիները: Գոռոզ Հռոմը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սարսռաց մինչեւ ողն ու ծուծը: Սարսափի ու յուսալքումի այս մթնոլորտին մէջ էր, որ ծնունդ առաւ «Աննիբալը մեր դռներուն է» խօսքը, որ հետագային վերածուեցաւ դարձուածքի, որով կը բնորոշուի բիրտ սպառնալիք մը, գերագոյն վտանգ մը, անդիմադրելի թշնամի մը եւ ակներեւ պարտութիւն մը: Դարեր անց՝ այդ դարձուածքը մնաց հռոմէացիներու բերնին մէջ ու իտալական հողի վրայ. իտալացի մայրեր մինչեւ այսօր ալ իրենց չար փոքրիկները սաստելու համար չեն վարանիր ըսելու. «Աննիբալ մեր դռներուն է»: Իսկ դարձուածքը ինք արդէն համաշխարհային ճանաչում ունի եւ կ՚ապրի ժողովուրդներու ու սերունդներու բերնին մէջ:

Այս արշաւանքի ծիրէն ներս ծնունդ առած է ուրիշ դարձուածք մըն ալ, որ նուազ ծանօթ է: Ուրեմն այդ տարիներուն Հռոմի մէջ կ՚ապրէր պետական ազդեցիկ դէմք մը, որ պատմութեան ծանօթ է Մարկոս Կատոն Երէց անունով. ան իր ժամանակի մեծագոյն հռետորներէն էր, որ կը տագնապէր Հռոմի բոլոր հարցերով, յատկապէս Աննիբալի արշաւանքով, որ դամոկլէսեան սուրի մը պէս կախուած էր ամէն հռոմէացիի գլխուն վերեւ եւ դարձած էր Կատոնի մղձաւանջը: Ուստի զարմանալի չէր, որ ծերակոյտի բոլոր նիստերուն եւ քիչ մը ամէն առիթով ան արծարծէր ընթացքի մէջ եղող աւերիչ արշաւանքը եւ ամէն անգամ ալ իր ճառը կ՚աւարտէր նոյն պատգամով՝ «Պէտք է կործանել Կարթագէնը»:

 

ԱՒԳԵԱՆ ԱԽՈՌՆԵՐ

Աւգեաս, որ ճանչցուած է իբրեւ «արեւու որդի», թագաւոր էր Հիւսիսային Յունաստանի մէջ: Ան ունէր 3.000 եզ, որոնք օժտուած էին բացառիկ առողջութեամբ եւ ծնելիութեամբ: Ասոնք տնտեսելու համար Աւգեաս կառուցած էր բազմաթիւ ախոռներ, որոնք, սակայն, ոչ մէկ մաքրութեան առարկայ կը դառնային: Գարշահոտութիւնը տարածուած էր ամէն կողմ, իսկ աղբը աւելի քան 30 տարի կուտակուած էր անոր բազմաթիւ ախոռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջակայ հանդերուն վրայ, ուր այլեւս մշակելի հողի ոչ մէկ կտոր մնացած էր: Հերակլէս առաջարկեց Աւգեասի՝ մաքրել անոր ախոռները՝ իբրեւ վարձատրութիւն պահանջելով եզներուն տասը տոկոսը. համաձայնութիւնը գոյացաւ, եւ Հերակլէս անցաւ գործի: Ան երկու անցքեր բացաւ ախոռներու պատերուն վրայ, ապա մօտակայ երկու գետակներու հունը շեղեց դէպի այդ ծակերը: Յորդահոս ջուրը քանի մը ժամէն մաքրեց ու քշեց-տարաւ լեռնակուտակ ու գարշահոտ աղբերը թէ՛ ախոռներուն մէջէն, թէ՛ շրջակայ տարածքներէն: Յետմիջօրէի կիզիչ արեւը չորցուց ամէն կողմ, եւ իրիկուան դէմ արդէն համատարած մաքրութիւն կը տիրէր: Բայց ահա Աւգեաս դրժեց իր խոստումը, եւ Հերակլէս սպանեց զինք, ինչպէս նաեւ անոր զաւակները՝ խնայելով միայն մէկ հատին, որ չուրացաւ տրուած խոստումը: Այս անհաճոյ անձնաւորութենէն,- որ կը խորհրդանշէ իր թերութիւնները անտեսող եւ իր պարտաւորութիւնները զանց ընող կերպարը,- ու անոր պատմութենէն մարդկութեան մնացած է «աւգեան ախոռներ» դարձուածքը, որ իր կարգին կը խորհրդանշէ «իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւնը»:

 

ԱՔԻԼԼԷՍԻ ԿՐՈՒՆԿ

Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն էր, որ դաշնակից այլ թագաւորներու հետ արշաւեց Տրովադա՝ ետ դարձնելու գեղեցիկ Հելենը, որ առեւանգուած էր տրովադացի իշխան Բարիսի կողմէ:

Աքիլլէս ճանչցուած էր իբրեւ անխոցելի մարտիկ մը, որովհետեւ անոր մայրը զինք վաղ մանկութեանը թաթխած էր Ստիքս գետի ջուրին մէջ, որ ունէր մարդկային մարմինը անխոցելի դարձնելու յատկութիւնը:

Այս թաթախումէն զուրկ մնացած էր, սակայն, մանուկ Աքիլլէսի կրունկը, ուրկէ մայրը բռնած էր զինք եւ որ չթրջուեցաւ, ուրեմն շարունակեց խոցելի մնալ: Արդ, Բարիս ծանօթ էր այս գաղտնիքին, եւ Տրովադայի մէկ հրապարակին վրայ, մենամարտի մը ընթացքին, ան այդ կէտէն ալ վիրաւորեց Աքիլլէսը, որ մահացաւ ստացած վէրքէն: Ասկէ ալ յառաջացած է «Աքիլլէսի կրունկ» կամ «Աքիլլէսի գարշապար» դարձուածքը, որ կը նշանակէ տկար, խոցելի կէտ մը կամ կողմ մը:

 

ԲԱԲԵԼՈՆԵԱՆ ԽԱՌՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Ջրհեղեղէն ետք,- երբ Աստուած հաշտուած էր մարդկութեան հետ՝ անոր շնորհելով նաեւ ծիածանը՝ իբրեւ ներումի երաշխիք,- մարդիկ վերստին բազմացան, բայց նաեւ չարացան ու գոռոզացան՝ հեռանալով իրենց տրուած պատուիրաններէն: Անոնք որոշեցին կառուցել քաղաք մը՝ հանդերձ աշտարակով, որուն գագաթը պիտի երկինք հասնէր. «Եւ արասցուք մեզ անուն յառաջ քան զսփռել ի վերայ երեսաց ամենայն երկրի» (Ծնունդք, Ժա/4): Աստուած նման ծրագիր մը խանգարելու լաւագոյն միջոց նկատեց՝ խառնակել լեզուն մարդոց, որոնք մինչ այդ նոյն բարբառով կը խօսէին, կը հաղորդակցէին ու համերաշխ կը գործակցէին: Ու այդպէս ալ ըրաւ: Իսկոյն սկսաւ յառաջանալ համատարած շփոթ մը, ուր մարդիկ այլեւս չէին կրնար հասկնալ զիրար ու չէին կրնար հաղորդակցիլ: Խանգարուեցաւ նաեւ աշխատանքին ներդաշնակութիւնը, անոնք կամաց-կամաց հրաժարեցան աշտարակաշինութենէն ու ցրուեցան աշխարհով մէկ: Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն, որ կը յառաջանայ հին եբրայերէն բառէ մը եւ կը նշանակէ խառնել, խառնաշփոթել: Այդ փորձէն մնացին աւերակոյտ մը եւ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ համատարած խառնակութիւնն ու անհասկացողութիւնը: Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն: Կ՚ըսուի նաեւ «բաբելոնեան աշտարակաշինութիւն»՝ նոյն իմաստով. կը բնորոշէ անկարգութիւն, խառնաշփոթ, քաոս:

 

ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍԵԱՆ ԳԻՇԵՐ

Այսպէս կը կոչուի պատմական այն կոտորածը, որ Ֆրանսայի կաթողիկէները ի գործ դրին բողոքականներու դէմ 1572-ի օգոստոսի 24-ի գիշերը՝ ս. Բարթուղիմէոսի տօնի նախօրէին. ան տեւեց քանի մը օր: Կոտորածի հրահանգը տուած էր Շառլ 9-րդ թագաւորը իր մօր՝ Կատարինէ Մետիչիի եւ Գիզ դուքսի դրդումով: Զոհուեցան աւելի քան 3.000 բողոքականներ. գտնուեցան դաւանափոխ դարձողներ՝ փրկելու համար իրենց կեանքը:

Այս կոտորածը պատճառ դարձաւ կրօնական պատերազմներու, որոնք արդէն սկսած էին 1562-ին, սակայն աւելի հրահրուեցան այնուհետեւ՝ պատճառելով քաղաքական այլազան ոճիրներ, որոնց շարքին դուքս Գիզի եւ Հանրի Գ. թագաւորի սպանութիւնը: Անոնք տեւեցին մինչեւ 1598 եւ վերջ գտան Հանրի Դ. թագաւորի շնորհիւ:

«Բարթուղիմէոսեան գիշեր» դարձուածքը կը խորհրդանշէ անպաշտպան մարդոց դաժան ջարդ ու կոտորած:

Իբրեւ պատմական դրուագի անուն՝ ան կը գլխագրուի՝ Բարթուղիմէոսեան գիշեր, իսկ իբրեւ դարձուածք՝ կը գրուի փոքրատառով:

 

ԴԱՆԱՅԵԱՆ ՏԱԿԱՌ

Ըստ յունական դիցաբանութեան՝ Հին Յունաստանի թագաւորներէն մէկը՝ Դանայոսը, ունէր յիսուն աղջիկ, որոնք կը կոչուէին «Դանայեան քոյրեր»: Ասոնցմէ 49-ն իրենց ամուսնութեան առաջին գիշերն իսկ սպանեցին իրենց ամուսինները: Իրենց այս արարքին համար անոնք գացին դժոխք, որուն չաստուածուհին, իբրեւ գերագոյն պատիժ, անոնց պարտադրեց շարունակ լեցնել տակառ մը, որ յատակ չունէր: Ասկէ ալ կը յառաջանայ «դանայեան տակառ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ անօգուտ ճիգը, անպտուղ աշխատանքը, անվախճան յոգնութիւնը: Նոյնին անմիջական հետեւողութեամբ յառաջացած է նաեւ «դանայեան աշխատանք» դարձուածքը, որ բացատրութեան չի կարօտիր: Տեսնել նաեւ «սիզիփոսեան աշխատանք» դարձուածքը: Գրիգոր Զօհրապ իր «Ճիտին պարտքը» պատմուածքին մէջ շատ յաջող կիրարկած է այս դարձուածքը՝ «դանայեան տակառ» անուանելով անոր հերոսին՝ Յուսէփ աղային պայուսակը, որ հէգ մարդը ամբողջ երեսուն տարի լեցուցած էր ուտեստեղէնով եւ միշտ ալ ամէն առաւօտ պարապ գտած էր զայն: Այդ պայուսակը լիացնելու հոգէն ան «կը փրկուի» միայն այն օրը, երբ քարով կը լեցնէ զայն ու կը կախէ ճիտին, այսինքն՝ վիզին, եւ այդպէս ալ ջուրը կը նետուի ու խեղդամահ կը դառնայ:

 

ԼԻՆԵԼ, ԹԷ՞ ՉԼԻՆԵԼ

Շէյքսփիրի հերոսին՝ Համլեթի մենախօսութեան (Արար Գ.) առաջին տողն է այս, որով երիտասարդ արքայազնին համար հարցադրումի գերագոյն առարկայ է ապրելու եւ չապրելու միջեւ կատարելիք ընտրութիւնը: Հակառակ իր իշխանական կարգավիճակին եւ ունեցած արքունական բարեկեցութեան՝ ան յաջողած է այնքան դառն փորձառութիւն,- յատկապէս մօրը դաւաճանութիւնը հօրը հանդէպ,- կուտակել, որ այլեւս զզուած է ամէն ինչէ, եւ կը պատրաստուի խզելու այս աշխարհի մէջ ունեցած իր վերջին անկեղծ կապն ալ, որ մանկամարդ Օֆելիան է՝ իր գեղեցիկ ու պարկեշտ նշանածը: -Կուսանո՛ց մը մտիր,- կը թելադրէ անոր,- ինչո՞ւ մեղաւորներ սնուցող մը պիտի ըլլաս: «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել»ը թարգմանուած պէտք է ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուներուն, որոնց բոլորին մէջ ալ ան կը խորհրդանշէ ճակատագրական ընտրութիւն մը կատարելու հարկադրանքէն յառաջացող տուայտանքները:

 

ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԶՕՐԱՍԻՒՆ

Կը կոչուի նաեւ՝ «հինգերորդ շարասիւն»:

1936-ին, երբ Ֆրանքոյի զօրքերը շրջապատած էին Մատրիտ մայրաքաղաքը, անոր զօրավարներէն մէկը ձայնասփիւռով դիմեց քաղաքի բնակիչներուն՝ դադրեցնելու դիմադրութիւնը եւ խնայելու աւելորդ արիւնահեղութիւնը. առ այս ան յայտարարեց, որ քաղաքը չորս կողմէն պաշարուած է չորս զօրասիւներով, իսկ հինգերորդ մըն ալ կը գտնուի նոյնինքն քաղաքին մէջ: Ան այս բառերով կ՚ակնարկէր Ֆրանքոյի համակիրներուն, որոնք կը գտնուէին քաղաքին մէջ եւ կը գործէին ի նպաստ ֆաշականութեան յաղթանակին: Այնուհետեւ «հինգերորդ զօրասիւն» կապակցութիւնը վերածուեցաւ դարձուածքի՝ ստանալով «ներքին թշնամի»ի, «հակառակորդին զինակից»ի, «դաւաճան»ի նշանակութիւնը, եւ ընդհանուր գործածութիւն ունեցաւ Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եւ կը շարունակէ ունենալ մինչեւ այսօր ալ: Հինգերորդ զօրասիւնի տիպար օրինակ մը տուած են Աւստրիան ներքնապէս քայքայող այն ուժերը, որոնք 1938-ի նախօրեակին հասուն տանձի մը պէս նացիներու երախը նետեցին այդ երկիրը՝ առանց փամփուշտ մը պարպելու, ինչ որ ծնունդ տուաւ Anschlus-ին:

 

ՎԵՐՋԻՆ ՄՈՀԻԿԱՆ

Մոհիկանները հիւսիսամերիկեան բնիկ ցեղախումբ մըն էին. միւս բնիկներուն պէս, իրենք եւս երկար պայքարեցան եկուոր սպիտակներուն դէմ եւ անոնց պէս ալ ի վերջոյ պարտուեցան ու ենթարկուեցան Նոր աշխարհի օրէնքներուն: Ամերիկացի վիպասան մը՝ Ֆենիմոր Քուփըր, 19-րդ դարուն գրեց վէպ մը, որ կը կոչուի «Վերջին մոհիկանը» եւ որուն մէջ կը նկարագրէ այս ցեղախումբին պատկանող վերջին կարմրամորթը, որ զէն ի ձեռին եւ առանց յուսահատելու պայքարեցաւ յանուն հայրենի հողին, իր ցեղին ինքնութեան ու ազատութեան. այդ պայքարին մէջ ալ զոհուեցաւ: Այս վէպը այնքան գնահատուեցաւ, որ հետզհետէ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ օտար լեզուներու, հրատարակուեցաւ մեծ տպաքանակներով ու յափշտակուեցաւ ընթերցողներէն: Անոր խորագիրն ալ դարձաւ համաշխարհային դարձուածք մը, որով կը բնորոշուի վսեմ ու նուիրական գաղափարի մը համար աննահանջ, բայց եւ առանձին պայքարողը, որ այլեւս հետեւորդներ չունի իրեն զինակից ու գաղափարակից:

 

ՈԴԻՍԱԿԱՆ

Այս դարձուածքին հերոսը Տրովադայի արշաւանքին մասնակցող թագաւորներէն Ոդիսեւսն է, որ կ՚իշխէր Յոնիական կղզիներէն Իթակէի վրայ: Անոր անունին հանդիպած ենք նաեւ «Դանայեան նուէր» դարձուածքին մէջ: Երբ Տրովադայի պատերազմը աւարտեցաւ, մասնակից թագաւորները վերադարձան իրենց տուները: Իր տունը ուղղուեցաւ նաեւ Ոդիսեւս. բայց ահա բախտի քմայքները՝ միացած բնութեան տարերքի քմայքներուն եւ ճամբու այլազան արկածներուն՝ մոլորեցուցին զինք, եւ Ոդիսեւս ամբողջ քսան տարի դեգերեցաւ ծովերու վրայ, մինչեւ որ վերջապէս հասաւ Իթակէ, ուր կը սպասէին կինը՝ Պենելոպէն ու միամօր զաւակը: Ան ուղղուեցաւ իր տունը, ուր կը վխտային իշխաններ ու թագաւորներ, որոնք եկած էին տիրանալու Պենելոպէի ձեռքին եւ... թագաւորութեան: Ոչ ոք ճանչցաւ զինք՝ բացի իր հաւատարիմ շունէն: Այս ամբարտաւան թեկնածուները երկար դարպասած էին Ոդիսեւսի կինը, որ զանազան պատրուակներով կրցած էր յետաձգել իր ընտրութիւնը: Երկար ձգձգումներէ ետք, վերջին առիթ մըն ալ խնդրած էր ան՝ հիւսելու համար պատանք մը, որմէ ետք պիտի ընտրէր ներկայացող թեկնածուներէն արժանաւորագոյնը: Բայց ահա հիւսքը անհունօրէն կ՚երկարէր, որովհետեւ ցերեկը հիւսածը գիշերը հաւատարիմ սպասուհին ետ կը քակէր, եւ այսպէս շարունակ... Այս առիթն ալ սակայն սպառեցաւ, եւ վերջապէս հասաւ ընտրութեան ժամը: Պենելոպէ խոստացաւ ամուսնանալ այն թեկնածուին հետ, որ պիտի յաջողէր պրկել Ոդիսեւսի աղեղը, որ կախուած էր պալատին մէկ պատէն: Թեկնածուները յաջորդաբար փորձեցին ու չյաջողեցան, մինչեւ որ Ոդիսեւս յառաջացաւ ու առաջարկեց ի՛ր մասնակցութիւնը: Քսանամեայ դեգերումներէն գզգզուած հագուստները, անխնամ մազն ու մօրուքը եւ օտարոտի արտաքինը արհամարհանքով ընդունեցին ներկաները, բայց եւ այնպէս Ոդիսեւս յաջողեցաւ խլել աղեղը ու իսկոյն պրկեց զայն՝ զարմացնելով բոլորը, բայց նաեւ բացայայտելով իր ինքնութիւնը:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...