Չորեքշաբթի՝ յունիս 26-ին, Հիւսիսաթլանթեան խորհուրդը որոշած է Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէն նշանակել ՆԱԹՕ-ի յաջորդ ընդհանուր քարտուղար: Ան պիտի փոխարինէ Ենս Սթոլթընպերկը, որ դաշինքը ղեկավարած է 14 տարի։
Ռիւթէն ընդհանուր քարտուղարի իր գործառոյթները պիտի ստանձնէ 2024 թուականի հոկտեմբեր 1-էն: Ան 57 տարեկան է եւ 2010 թուականի հոկտեմբերէն չորս ժամկէտ անընդմէջ գլխաւորած է Հոլանտայի կառավարութիւնը:
Սթոլթընպերկը ողջունած է Մարք Ռիւթէն՝ որպէս իր իրաւայաջորդ եւ յայտարարած, որ ՆԱԹՕ-ն կը ձգէ «լաւ ձեռքերու մէջ»: