image

Ռուսիոյ մէջ.Մախաչքալայի եւ Տերպենթի մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւնն աւարտած է. զոհերու ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ 20-ը

Ռուսիոյ մէջ.Մախաչքալայի եւ Տերպենթի մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւնն աւարտած է. զոհերու ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ 20-ը

Տաղստանի Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէն յայտարարած է Մախաչքալայի եւ Տերպենթի մէջ հակաահաբեկչական գործողութեան աւարտի մասին։ Կոմիտէն հաստատած է, որ բոլոր յարձակողները սպանուած  են:

«Քաղաքացիներու կեանքին եւ առողջութեան սպառնացող վտանգներու վերացման շնորհիւ ժամը 08:15-ին Տաղստանի Հանրապետութեան Մախաչքալայի եւ Տերպենթի վարչական սահմաններուն մէջ չեղարկուած է հակաահաբեկչական գործողութեան իրաւական ռեժիմը», -ըսուած է գերատեսչութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

Երէկ՝ յունիս 23-ի երեկոյեան, շարք մը յարձակումներ տեղի ունեցած են Տերպենթի մէջ գտնուող սինակոկի եւ եկեղեցւոյ վրայ, ինչպէս նաեւ Մախաչքալայի եկեղեցւոյ, սինակոկի եւ ճանապարհային ոստիկանութեան բաժանմունքի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 15 ոստիկան եւ քանի մը խաղաղ բնակիչ։ Սպանուած է վեց զինեալ։ Անոնցմէ երեքը հանրապետութեան Սերկոքալինսքի շրջանի ղեկավար Մակոմետ Օմարովի որդիներն ու եղբօր որդին են։ 

Յարձակման դրդապատճառները յայտնի չեն: