image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի գործողութիւնները կը յանգեցնեն ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացի «Տէ ֆաքթօ» կանգնեցման․ յայտարարութիւն

Վրաստանի գործողութիւնները կը յանգեցնեն ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացի  «Տէ ֆաքթօ» կանգնեցման․ յայտարարութիւն

Եւրոպական խորհուրդը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու կապակցութեամբ` նշուած է Պրիւսէլի մէջ ԵՄ գագաթնաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ։

Նշուած է, որ Վրաստանի մէջ ընդունուած «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը նահանջ է այն քայլերէն, որոնք շարադրուած են Վրաստանին ԵՄ անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակ տալու յանձնարարականին մէջ:

«Եւրոպական խորհուրդը Վրաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ յստակեցնելու իրենց մտադրութիւնները՝ փոխելով գործողութիւններու ներկայիս ընթացքը, որ կը վտանգէ Վրաստանի ուղին դէպի ԵՄ եւ փաստացի կը յանգեցնէ անդամակցութեան գործընթացի դադրեցման: Եւրոպական խորհուրդը կոչ կ՚ընէ վերջ դնելու Վրաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, քաղաքական առաջնորդներու, քաղաքացիական աքթիվւսթներու եւ լրագրողներու նկատմամբ ահաբեկման, սպառնալիքներու եւ ֆիզիքական բռնութեան յաճախակի դարձած գործողութիւններուն»,- նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Եւրոպական խորհուրդը Վրաստանի իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ըրած է ապահովելու աշնան կայանալիք խորհրդարանի ընտրութեան ազատ եւ արդար ընթացքը։