image

Մաքրոն եւ շարք մը այլ արեւմտեան առաջնորդներ «Քրոքուսի» ահաբեկչութեան հովանաւորներ են. Մետվետեւ

Մաքրոն եւ շարք մը այլ արեւմտեան առաջնորդներ «Քրոքուսի» ահաբեկչութեան հովանաւորներ են. Մետվետեւ

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ թելեկրամեան իր ալիքով գրած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ շարք մը այլ արեւմտեան առաջնորդներ հովանաւորած են Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ տեղի ունեցած սարսափելի ահաբեկչութիւնը․

«Մեղսակիցներ. այո, նոյն ինքը Մաքրոնը: Անոր հռետորաբանութիւնը, անոր գործողութիւնները եւ ամենակարեւորը պանտերայական ռեժիմի հետ գաղտնի գործողութիւնները կրնան որակուիլ որպէս 22 մարտի ահաբեկչութեան մեղսակցութիւն։

Ակնյայտ է, որ Մաքրոն եւ շարք մը այլ արեւմտեան առաջնորդներ այս սարսափելի ահաբեկչութեան հովանաւորներն են, անոր ներում չկայ»,- գրած է Մետվետեւ։