Երկրաշարժի Մալաթիոյ երեք հայազգի զոհերը՝ Սամի Թապաշ եւ կողակիցը՝ Այտա ու իրենց երիտասարդ զաւակը՝ Ալէքս, 10 Փետրուար 2023, ուրբաթ միջօրէին հողին յանձնուեցան։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Հինգշաբթի գիշեր Էլազըղի վրայով Մալաթիա ժամանած եւ ընդունուած էր քաղաքաբնակ ժողովուրդէն Սէրտար Պոյաճըի բնակարանին մէջ։

Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, քաղաքի Հայոց Գերեզմանատան մատրան մէջ կատարուեցաւ հանգուցեալներու յուղարկաւորութեան եկեղեցւոյ կարգը։ Նախքան «Հոգւոց» աղօթքը՝ Տէր Հայրը դամբանախօսեց եւ թելադրեց հաւատալ մխիթարութեան եւ այս մասին ընդգծեց թէ մխիթարութեան դուռը կը բացուի Աստուծոյ վստահելով։ Յիշեցուց թէ պէտք չէ աչքերը յառել գերեզմանի հողակոյտին եւ եթէ գերեզման մը կայ որուն աչքերը պէտք է յառել, Քրիստոսի յարութեամբ պարապ թողած Սուրբ Գերեզմանն է, որ յաւիտեանս յաւիտենից կը յայտարարէ յարութեան ճշմարտութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան ցաւակցութիւնները եւ հայրական օրհնութիւնը։ Յայտնեց թէ մեր Հոգեւոր Պետը կը յիշեցնէր թէ առանձին չէին ու կ՚աղօթէր իրենց համար, մաղթելով ի Տեառնէ որ զօրացնէ եւ տոկունութիւն պարգեւէ բոլորին այս դժուարին օրերուն։