image
Հրատապ լուրեր:

«Թող խաղաղութեան մէջ հանգչին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը». Լիբանանի Հանր. Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աուն 

«Թող խաղաղութեան մէջ հանգչին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը». Լիբանանի Հանր. Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աուն 

Լիբանանի նախագահ, Զօր. Ժոզեֆ Աուն ուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի կապակցութեամբ։ 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Լիբանանի նախագահն իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ Ցեղասպանութեան տարելիցի ոգեկոչումը սոսկ ցաւալի պատմական իրադարձութեան յիշատակ չէ, այլ արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատւութեան հիմնարար արժէքներու վերահաստատում։

«Այդ յիշեցում է աշխարհին բռնութեան, ծայրայեղականութեան եւ մեկուսացման բոլոր ձեւերու դէմ կանգնելու կարեւորութեան մասին», -ըսած է Աունը:

Աուն վերահաստատած է Լիբանանի անսասան համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդի հետ՝ այս սկզբունքները պահպանելու համար անոր խաղաղ պայքարին մէջ։ Ան նաեւ բարձր գնահատած է ծագումով հայ Լիբանանի քաղաքացիներու ներդրումը` ընդգծելով անոնց երկարամեայ եւ կառուցողական դերը Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ գեղարուեստական ​​կեանքին մէջ: 

«Անոնք միշտ եղած են Լիբանանի բազմազան եւ առատօրէն միահիւսուած ինքնութեան անբաժանելի մասը», - ըսած է Աունը:

Եզրափակելով իր յայտարարութիւնը նախագահն ըսած է. «Թող խաղաղութեամբ հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, անարդարութեան ու թշնամաքի բոլոր զոհերը ողջ աշխարհի մէջ։ Թող Աստուած պահապան ըլլայ Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին բոլոր չարիքներէ»։