image

Դամասկոսը վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք ընդդիմադիրները մտած են Սուրիոյ ՊՆ շէնք, Ասատի կեցավայր

Դամասկոսը վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք ընդդիմադիրները մտած են Սուրիոյ ՊՆ շէնք, Ասատի  կեցավայր

Դամասկոսը վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք Սուրիական ընդդիմութիւնը մուտք գործած է Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնք, նաեւ նախագահական պալատ։

Սուրիական ընդդիմութիւնը մուտք գործած է առանց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի՝ առանց հսկողութեան մնացած պալատ, յայտնած է Al Hadath հեռուստաալիքը: 

Հեռուստաալիքը լուսանկարներ հրապարակած է նստավայրի տարածքէն: Պալատը կը գտնուի Դամասկոսի արեւմտեան մասին մէջ՝ Մեզզ լեռան վրայ: 

Այն կառուցուած է դեռ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆեզ Ասատի՝ Պաշշար Ասատի հօր, իշխանութեան տարիներուն: 

Յիշեցնենք՝ Reuters-ի տուեալներով՝ երկրի նախագահ Պաշշար Ասատը հեռացած է Դամասկոսէն անյայտ ուղղութեամբ:

Գործակալութեան տուեալներով՝ Սուրիոյ բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ «Ասատի իշխանութիւնն աւարտած է»: