image

Մահացած է Ռաֆֆի Շահինեանը Պէյրութի «թիկնապահներու խմբակ»ի քաջ նուիրեալը (Լուսանկար)

Մահացած է Ռաֆֆի Շահինեանը Պէյրութի «թիկնապահներու խմբակ»ի քաջ նուիրեալը (Լուսանկար)

 «Ռաֆֆիին համար ընկ. Հրաչի խօսքը նուիրական էր»,- այս մասին «Արեւելք»ին կը պատմէ հանգուցեալի ընկերներէն ՝ Խաչիկ Կիւլեանը նշելով, որ «ամէն անգամ, որ հանդիպելու առիթ կ՚ըլլար Ռաֆֆին զիս կը հրաւիրէր միասնաբար ընկ. Հրաչի ձայնագրուած բանախօսութիւնը վերստին լսելու եւ Դաշնակցականի բարձր ոգիով նորէն լեցուելու»։

Կը պատմուի նաեւ, որ Ռաֆֆի Շահինեանի Նոր Մարաշ շրջանին մէջ եղող բնակարանը վերածուած էր զինապահեստանոցի մը, որովհետեւ գաղափարանուէր Ռաֆֆին մեծ սիրահար էր լաւագոյն տեսակի գնդացիրներու եւ ատրճանակներու։ 

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան Գահիրէի մէջ աչքերը յաւերժին փակած է բնիկ Պէյրութցի Ռաֆֆի Շահինեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի ընկերներէն։

 

 Կը նշուի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Գահիրէի մէջ բնակութիւն հաստատած եւ իր շրջանակին կողմէ սիրուած Ռաֆֆին յայտնի էր «Ռաֆֆի Ղաուասա» անուանումով։

 Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժագոյն օրերն էին, ստեղծուած էին շրջանային այնպիսի պայմաններ, որ ՀՅԴ-ն ապահովելու համար  (80-ականներէն  սկսեալ) պատասխանատու ղեկավարներուն անվնտանգութիւնը ստիպուած կ՚ըլլար ստեղծել թիկնապահներու յատուկ խմբակ մը։

 Իր ունակութիւններուն, հաւատարմութեան եւ Դաշնակցականի բարձր ոգիին շնորհիւ Ընկ. Ռաֆֆին կը դառնար անդամ այդ խմբակին ու երկար ժամանակով ալ մաս կը կազմէր ՀՅԴ անձնուէր ղեկավարներէն ՝ Հրաչ Տասնապետեանի անվտանգութեան ստանձնած յատուկ խմբակին (Ռաֆֆին եղած էր անդամ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, որմէ ետք ալ միացած էր ՀՅԴ շարքերուն։)

 

 

 «Ռաֆֆիին համար ընկ. Հրաչի խօսքը նուիրական էր»,- այս մասին «Արեւելք»ին կը պատմէ հանգուցեալի ընկերներէն ՝ Խաչիկ Կիւլեանը նշելով, որ «ամէն անգամ, որ հանդիպելու առիթ կ՚ըլլար Ռաֆֆին զիս կը հրաւիրէր միասնաբար ընկ. Հրաչի ձայնագրուած բանախօսութիւնը վերստին լսելու եւ Դաշնակցականի բարձր ոգիով նորէն լեցուելու»։

Կը պատմուի նաեւ, որ Ռաֆֆի Շահինեանի Նոր Մարաշ շրջանին մէջ եղող բնակարանը վերածուած էր զինապահեստանոցի մը, որովհետեւ գաղափարանուէր Ռաֆֆին մեծ սիրահար էր լաւագոյն տեսակի գնդացիրներու եւ ատրճանակներու։ 

 

 Իր ընկերները, որոնք մեծ սէր եւ յարգանք կը տածէին Ռաֆֆիին հանդէպ, իր անունը եւ անձը զատորոշելու նպատակով զինք «մկրտած էին «Ռաֆֆի Ղաուասա» (Սուզանաւ) անուանումով, պարզ այն պատճառաւ, որ Ռաֆֆին շատ կը սիրէր հետեւիլ այն տեսաֆիլմերուն, որոնց մէջ իւրայատուկ տեղ ունէին պատերազմական սուզանաւները։ 

 

 

 Լիբանանի պատերազմի աւարտէն ետք, Ռաֆֆի բնականոն հունի մը տանելու համար իր կեանքը կը փոխադրուէր Գահիրէ, ուր կը գործէր որպէս հմուտ ադամանդաշար։

 

 Ռաֆֆի Շահինեանը կը պատկանէր այն սերունդին, որ հակառակ Լիբանանի ծանրագոյն օրերուն կարողացան ամուր եւ կանգուն պահել Լիբանանի հայկական համայնքն ու պաշտպանել մեր ժողովուրդը ամէն տեսակի դժուարութիւններէ։

 

 Օրերս մահացած Ռաֆֆի Շահինեանը 1964 թուականի ծնունդ էր, ամուսնացած էր եւ հայր մէկ դուստրի։

 

 

 Յիշատակը անթառամ Ռաֆֆի Շահինեանին եւ իր նման բոլոր նուիրեալներուն։