Լիոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած համայնքի եւ յատկապէս տեղի Սուր Յակոբ Եկեղեցւոյ նուիրեալ ազգայիններէն Յովհաննէս Պէրպէրեանը։
Այս տխուր առթիւ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդներէն՝ Գերշ. Նորվան արք. Զաքարեանը։
«Նոր Յառաջ»ի մէջ լոյս տեսած Սրբազան հօր մահագրականը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Տխուրն այն է, որ սփիւռքի մէջ նուիրեալ գործիչներու շիջումով կը ստեղծուի նոր իրականութիւն մը, որ առաւելապէս կը խօսի նոր նուիրեալներու նօսրացման փաստին մասին։
Յարգելի սգակիրներ,
Լիոնահայ սուրբ Յակոբ Եկեղեցին սուգի մէջ է այսօր, վաստակաշատ իր սպասաւորի մահուան տխուր առիթով։
Ի՞նչ կայ կեանքի մէջ այնքան սիրուն եւ թանկագին քան ծառայելն Աստուծոյ եւ աստուածասէր ժողովուրդին։
Յովհաննէսը 75 երկար տարիներ Լիոնի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ օրինակելի, անշահախնդիր եւ անձնդիր սպասաւորը եղաւ։
Պատանի տարիքին, սիրասուն իր մայրը՝ Նազելին, օր մը իր ձեռքէն բռնած այս եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կը բերէ եւ անկէ ետք Յովհաննէսը դուրս չ՚ելլեր Աստուծոյ այս սուրբ տաճարէն։
Յուզիչ է պահը, չափէն դուրս յուզիչ, որովհետեւ ան դուրս կ՚ելլէ այսօր, իր այնքան սիրած, իր երկրորդ տունը դարձած հայ եկեղեցիէն, այլեւս չվերադառնալու պայմանով։
Պիտի բացակայի կիրակնօրեայ պատարագներէն, բայց իր քաղցր ձայնը, որ կը շոյէր հաւատացեալներուն սիրտը,հոգեւոր ապրումները, պիտի մնայ մշտապէս իբրեւ հնչող նուագ անոնց յիշողութեան եւ սրտին մէջ։
Յովհաննէս Պէրպէրեան օժտուած էր բազմաթիւ ձիրքերով։ Արուեստագէտ արհեստաւոր մըն էր։ Փայտը իր ձեռքերուն մէջ ձեւեր կ՚առնէր, երբեմն մարդկային, երբեմն կենդանակերպ, կրնար նոյնիսկ երբեմն եկեղեցւոյ կերպարանք առնել։ Նայեցէք ձեր աջ կողմը ուր ցուցադրուած է Յիսուսի գերեզմանը, գաղափար մը կու տայ անոր բնածին ձիրքին մասին:
Ունէր նուագելու ձիրք։ Իր ամէնէն սիրած նուագարաններէն մին ջութակն էր։ Յաճախ զինք տեսած ենք բեմի վրայ ջութակը ի ձեռին, հայկական մթնոլորտ ստեղծելու տագնապի մէջ։
Ունէր մանաւանդ երգչախումբ ղեկավարելու ձիրք։ Աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր խմբավարն էր եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբին։ Անկախ ամէն կիրակի սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը ապահովելէ, տուած է աշխարհիկ բազմաթիւ համերգներ միշտ պանծացնելով հայ ժողովրդական երգերը ֆրանսացի հասարակութեան մօտ, ֆրանսացի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ծանօթացնելու մտահոգութեամբ հայ մշակութային հարստութիւնը եւ արժէքները, ինչպէս Կոմիտասի, Թաթուլ Ալթունեանի պէս հայ երգահանները։
Յովհաննէս Պէրպէրեան անունը անբաժան պիտի մնայ «Կոմիտաս» երգչախումբի պատմութենէն, կրնանք ըսել որ երգչախումբին հետ նոյնացած է այլեւս իր անունը, որովհետեւ մեծ է իր ներդրումը, վաստակը երգչախումբի կեանքին մէջ։
Ֆրանսայի Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին բարձր գնահատելով իր ներդրումը եկեղեցական կեանքէն ներս, անտարբեր չմնաց իրեն հանդէպ, զինք վարձատրեց եւ իր կուրծքը զարդարեց «Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» շքանշանով, ապա Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով պարգեւատրեց զինք «Ս. Ներսէս Շնորհալի» ոսկեպատ շքանշանով։
Հայ համայնքները Սփիւռքի մէջ չունին կառավարող կեդրոնական իշխանութիւն, կը կառավարուին անոնք համեստ նուիրեալներով, Յովհաննէսի պէս անձնազոհ ծառայութեան ոգի ունեցողներով. աղօթենք որ Տէր Աստուած բազմապատկէ թիւը այսպիսի հաւատաւոր, ծառայասէր անձերու։
Շատ կը ցաւիմ որ ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չկարենամ գտնուիլ եկեղեցին, մասնակցելու համար արարողութեան եւ աղօթակից ըլլալ հոգեւոր եղբայրներուս, ինչպէս նաեւ «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամուհիներուն եւ անդամներուն եւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ, բայց վստահ եղէք որ աղօթքով ձեզի հետ եմ հեռուէն։
Յովհաննէս Պէրպէրեանի մահուամբ կարեւոր ներկայութիւն մը կը կորսուի մասնաւորապէս Լիոնի Սուրբ Յակոբ Հայ առաքելական եկեղեցիէն ներս, եւ մա՛նաւանդ «Կոմիտաս» երգչախումբի շարքերէն։
Աստուածամայր սուրբ կոյսը բոլոր առաքինութիւններուն տիպարն է։ Հեզութեան օրինակը։
Կարելի չէ Աստուծոյ ծառայել, սպասաւորել անշահախնդրօրէն, եթէ անձ մը չունի հեզութեան զգացումը։
Խնդրենք Աստուածամայր սուրբ կոյսէն , որ բարեխօսէ ողբացեալ Յովհաննէս Պէրպէրեանի հոգւոյն հանգիստին համար, ան որ երկա՜ր-երկա՜ր տարիներ փառաբանեց Աստուծոյ սուրբ անունը, երգեց «Խորհուրդ խորին»-ը իր ըմբռնած հեզութեան չափով։
Այս տխուր առիթով կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները տիկին Թերէզ Պէրպէրեանին, զաւակներուն եւ թոռներուն, «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամուհիներուն եւ անդամներուն, ծխատէր աւագ քահանայ տէր Իսահակ Հէքիմեանին, ծուխի ատենապետ պարոն Ռիշար Կազարեանին եւ վարչականներուն, ինչպէս նաեւ հոգաբարձուներուն եւ իրմով սգաւորուող բոլոր պարագաներուն։
Թող Աստուած իր հեզահամբոյր հոգին լուսեղէն խորանի արժանացնէ եւ իր մահուամբ սգաւորուող պարագաներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ։
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Ժան-Յովհաննէս։
Նորվան Սրբազան