Երգչուհի Մատոնան ընկերային ցանցերու միջոցաւ դիմած է Հռոմի պապ Լեւոն ԺԴ-ին՝ կոչ ընելով այցելելու Կազա՝ երեխաները փրկելու համար։
«Սուրբ Հայր, խնդրեմ, գացէ՛ք Կազա եւ Ձեր լոյսը փոխանցեցէ՛ք երեխաներուն, քանի դեռ ուշ չէ։ Որպէս մայր՝ չեմ կրնար տեսնել անոնց տառապանքը։ Աշխարհի երեխաները բոլորին կը պատկանին։ Դուք միակն էք մեր մէջ, որուն մուտքը չի կրնար մերժուիլ։ Մեզի պէտք է, որ մարդասիրական դարպասները ամբողջովին բացուին՝ այս անմեղ երեխաները փրկելու համար։ Այլեւս ժամանակ չկայ։ Խնդրեմ, ըսէ՛ք, որ պիտի երթաք։ Սիրով – Մատոնա», – գրած է ան։
Ան նաեւ շեշտած է, որ «չի մեղադրեր եւ որեւէ կողմ չի բռներ»։
«Բոլորն ալ կը տառապին։ Ես պարզապէս կը փորձեմ ընել ամէն ինչ, որ այս երեխաները սովէն չմեռնին», – նշած է երգչուհին։