Գանատա-Լոյս տեսած է Գանատահայ լուսանկարիչ Հրայր Բազէ(HAWK) Խաչերեանի հեղինակած նոր ալպոմ- Գիրքը, որ կը կրէ ՝ «100-1915-2015» խորագիրը: Նշենք, որ այս մէկը գրքի Բ.ն հրատարակութիւնն է, որուն հովանաւորութիւնը ստաննձնած են Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Էլզա Տիտիզեանները:Հրայր Բազէ Խաչերեան ծնած է 1961-ին։ Մեծ հայրը ծնունդով զէյթունցի փրկուած է ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Պէյրութ, Հրայրի ծննդավայրը։ Բազէն 1984-ին գաղթած է Լիբանանէն եւ հաստատուած է Գանատա։ Ան առաջին անգամ Հայաստան այցելած է 1992-ին եւ ականատես եղած՝ յանուն անկախութեան արցախահայութեան մղած հերոսական պայքարին։ 1993-ին, նախքան Արցախէն մեկնիլը, Հրայրը վստահեցուցած է իր ընկերներուն, որ շուտով պիտի վերադառնայ Ղարաբաղ իր աշխատանքը շարունակելու համար։ Բայց Գանատա վերադառնալէն ետք բժիշկները քաղցկեղ կը յայտնաբերեն անոր թոքերուն մէջ…։ Հակառակ մասնագէտներու հաւաստիացումին որ Հրայր միայն տասը օրուան կեանք ունի, ան, խաչին վրայ ըրած իր ուխտով գօտեպնդուած, կը խոստանայ Աստուծոյ, առողջանալու պարագային, իր ամբողջ կեանքը նուիրել աշխարացրիւ հայ եկեղեցիները լուսանկարելու աշխատանքին։ Խաչերեան պայքարած է անողոք հիւանդութեան դէմ եւ յաղթահարած զայն, զարմանք պատճառելով բժիշկներուն։ Հաւատարիմ իր ըրած ուխտին, հայրենասէր արուեստագէտը բացի պատմական Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն՝ շրջած է աւելի քան 40 երկիրներ, Միացեալ Նահանգներէն մինչ¢ Աւստրալիա եւ լուսանկարած հայ եկեղեցիները։ Ան իր աշխատանքը հրատարակած է 12 լուսանկարչական գիրքերու մէջ, որոնցմէ յիշենք` ՛՛Artsakh: A Photographic Journey՛՛ (1997), ՛՛Karabagh: 100 Photos for the Independence՛՛ (2002), ՛՛Yergir՛՛ (2005), ՛՛Armenian Ornamental Art with Armen Kyurkchyan՛՛ (2010), ՛՛Armenian Ornamental Script՛՛ (2012), ՛՛One Church, One Nation՛՛ (2013)։՛՛100-1915-2015՛՛ կոթողային գրքին ներածականը գրած է Հայաստանի Ազգային Ակադենիայի անդամ, մաթեմաթիկոս եւ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանը, որ 1980-էն ի վեր ինքզինք նուիրած է՝ հայ ժողովուրդին, Հայաստանի եւ դրացի երկիրներու պատմութեանց ուսումնասիրութեան։ Մութաֆեան իր ներածականին մէջ, կը գրէ. «Արդէն 100 տարի անցած է երկամեակ մը տեւող ցեղասպանութենէն, որ հայ ժողովուրդի բազամահազար տարիներու ներկայութիւնը անհետացուց Արեւելեան Անաթոլիայէն, որ իր էութեամբ Արեւմտեան Հայաստաննէր։ Այս ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ տասնամեակներու վրայ, այդ ներկայութեան յիշողութիւնն անգամ ջնջելու ջանքերով»։Խաչերեանի գիրքին մէջ ներառնուած են նաեւ իտալացի յայտնի հայագէտ, հայագիտական գիրքերու հեղինակ, 2008-էն ի վեր Հայաստանի Ազգային Ակադեմիայի անդամ, Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոկանի «Հայոց լեզուն եւ հայերը» յօդուածը, ծանօթ գրող, հրապարակագիր, գրականութեան դասախօս Տիգրան Գույումճեանի գրութիւնը հայ եկեղեցուոյ սրբազան մասունքներու մասին, ինչպէս նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Մշակութային ուսմանց բաժնի վարիչ Փրոֆ. Համլէտ Պետրոսեանի հայկական խաչքարերուն նուիրուած ուսումնասիրութիւնը։ «100-1915-2015» գիրքին մէջ համախմբուած են վերջին 17 տարիներուն ի ափիւռսաշխարհի Հրայր Բազէ Խաչերեանի առած լուսանկարները, որոնք նուիրուած են մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, վանքերուն, եկեղեցիներուն, բերդերուն, ամրոցներուն, դրամներուն, ասեղնագործործութեան, եկեղեցական զգեստներուն, գորգերուն, արծաթագործ եւ ոսկերիչ հայ վարպետներու արուեստի գործերուն, որմնանկարներուն, քանդակներուն, ձեռագրերուն, խաչքարերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն եւայլն, եւայլն։ Գիրքին մէջ տեղ գտած լուսանկարներու մասին տրուած են հարկ եղած տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնները՝ անգլերէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Հեղինակը գիրքի կողքին վրայ լատինատառ տպագրութեամբ դրած է ստորեւ նշուած տեղանունները, ընթերցողին ուշադտութիւնը հրաւիրելու համար պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ իր այցելած վայրերուն վրայ. ADANA. VAN. SIS. TOKAT. MALATYA. ANI. KUTAHYA. AGN. MOUSH. PALU. KARS. ARDAHAN. SASOUN. KHIZAN. ERZURUM. TRABIZON. SIVAS. ARARAT. KAYSERLI. TOMARZA. BITLIS. AINTAB. MARASH. KHARPERT. OLTU. URFA. ZAYTOUN.
Հրայր Բազէ, իր գրքին մասին կ՛ըսէ.
«Այս աշխատութեան մէջ հաւաքած եմ այդ ամէնը, ինչին ականատես եղայ աւելի քան 30 ճամբորդութիւններուս ընթացքին. քաղաքներ, գիւղեր, վանական համալիրներ, բնակավայերեր, կենցաղային իրեր, հմուտ վարպետներու ձեռքով պատրաստուած տարբեր իրեր, բազմազան ոճի եւ գոյնի ձեռագործ ծածկոցներ եւ այն ամէն ինչը որ զիս հետաքրքրեց եւ ուզեցի բաժնել հանրութեան հետ։ 20-րդ դարու առաջին եւ մարդկութիւնը միշտ ամօթով պահող Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ անց՝ մենք դեռ ցիր ու ցան ենք եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք մեր երկրի կարօտով։ «Այս գիրքը կը նուիրեմ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ կը յուսամ համեստ ներդրում մը բերած ըլլալ հայկական անծայրածիր մշակոյթին եւ պատմութեան պահպանման եւ տարածման գործին մէջ»։