Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան ու Լոս Անճելըսի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանականներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գրող եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի՝ «Սա Մեր Բոլորին Հալէպն Է» հատորին ողջունահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Հատորը պիտի ներկայացնէ Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին ՀՕՄ-ի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները: