image

Հայազգի Մայքըլ Գաւուքճեան Նորվեկիոյ մէջ ԱՄՆ-ի  դեսպան 

Հայազգի Մայքըլ Գաւուքճեան Նորվեկիոյ մէջ ԱՄՆ-ի  դեսպան 

Փաստաբան Մայքըլ Է. Գաւուքճեանը պիտի ծառայէ Նորվեկիոյ թագաւորութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնին վրայ: Այս մասին «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Մայքըլը փայլուն փաստաբան է, որ ներկայիս իբրեւ աւագ գործընկեր կը ծառայէ «Ուայթ Էնտ Քէյս» փաստաբանական ընկերութեան մէջ, ուր ան ղեկավարած է ամբողջ աշխարհի վրայ առեւտրական բարդ դատավարութիւններու խումբեր: Ան նախապէս մեր երկրին ծառայած է իբրեւ Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան («Սի.Այ.Էյ.», «Ա.») գործադիր սպայ: Մայքըլ Սթենֆըրտի համալսարանի եւ Հարվըրտի իրաւաբանական դպրոցի շրջանաւարտ է», գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն