image

Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Չինաստանի եւ ԱՄՆ պատվիրակութիւններու բանակցութիւնները. Թրամփ

Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Չինաստանի եւ ԱՄՆ պատվիրակութիւններու բանակցութիւնները. Թրամփ

Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Յունիս 9-ին Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենան Չինաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններու միջեւ բանակցութիւններ։ Օրակարգին վրայ պիտի ըլլան առեւտրային հարցեր։

Սպիտակ Տան ղեկավարը նշած է, թէ Ուաշինկթընի խումբը պիտի ներկայացնեն Ելեւմուտի նախարար Սքոթ Պեսընթը, Առեւտուրի նախարար Հոուըրտ Լութնիքը եւ ԱՄՆ առեւտրային ներկայացուցիչ Ճէյմիսըն Կրիրը։

«Հանդիպումը պէտք է լաւ անցնի»,– եզրափակած է Թրամփը։

Յունիս 4-ին ԱՄՆ նախագահը յայտնած էր, որ արդիւնաւէտ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Չինաստանի նախագահի հետ՝ քննարկելով վերջերս կնքուած առեւտրային համաձայնութեան նրբութիւնները։ Սի Ծինփին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն պէտք է վերացնէ Չինաստանի դէմ ձեռնարկուած բացասական քայլերը։ Ան Թրամփը հրաւիրած է Չինաստան, իսկ Սպիտակ Տան ղեկավարը իր կարգին Սին հրաւիրած է Ուաշինկթըն։

Թրամփի՝ նախագահ ընտրուելէն ետք, Ուաշինկթըն եւ Փեքին փոխադարձաբար բարձրացուցած էին մաքսատուրքերը։ Մայիսին՝ Զուիցերիոյ մէջ, երկու կողմերու ներկայացուցիչները բանակցութիւններ վարած են, որոնց արդիւնքով որոշ մաքսատուրքեր կրճատուած են։