image

«Լռութիւնը ցեղասպանութիւն է». «System of a down»էն նոր նախաձեռնութիւն

«Լռութիւնը  ցեղասպանութիւն է». «System of a down»էն նոր նախաձեռնութիւն

«System of a down» աշխարհահռչակ ռոք խումբի անդամները կը շարունակեն այս օրերուն աջակցիլ հայրենիքին։ Անոնք հանդէս եկած են նոր նախաձեռնութեամբ, որուն եկամուտները պիտի ուղղուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։

Խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը Instagram-եան էջին յայտնած է, որ «System of a down»-ի պաս կիթառահար Շաւօ Օտաճեանը եւ թմբկահար Ճոն Տոլմայեանը 16 հոկետմեբրին պիտի մասնակցին «Լռութիւնը ցեղասպանութիւն է» (Silence is genocide) գրութեամբ շապիկներու ստորագրման։ «Ես եւս նախապէս ստորագրած եմ քանի մը շապիկ։ Ամբողջ եկամուտը պիտի ուղղուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին»,- նշած է Թանքեանը։

Բարեգործական միջոցառման մոմավառութիւն պիտի յաջորդէ՝ յարգելու համար ինկած զինուորներու յիշատակը։