«Մարդու առեւտուրի եւ շահագործման» դէմ պայքարի գրասենեակը հերթական անգամ Լիբանանի մէջ խոշոր ցանց յայտնաբերած է: Այս մասին կը գրէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
12 անդամէ բաղկացած ցանցի ղեկավարը կին է, որ իր յաճախորդներու շրջանակին մէջ ծանօթ է Զէյնա անունով:
Նախաքննութեան արդիւնքով պարզուած է, որ ցանցը կը զբաղի նորածին երեխաներու վաճառքով, իսկ յաճախորդները Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած լիբանանցիներ են:
Ըստ ձեռք բերուած տուեալներու, ցանցի ղեկավար Զէյնա անցեալին Պէյրութի մէջ տնային աշխատանքներով զբաղող կիներ տրամադրող գրասենեակ ունէր, որմէ անցած է երեխաներու վաճառքի գործունէութեան: Վերջինս ֆիլիփինցի կիներու կը ստիպէր (երբեմն կը համոզէր) յղանալ որոշ տղամարդոցմէ, եւ ծննդաբերութենէն շաբաթ մը առաջ կու գար երեխան ընտրելու եւ վաճառքն իրականացնելու:
Զէյնա, ինչպէս նաեւ ծննդաբերութիւններուն մասնակցող ձերբակալուած երկու բժիշկները նախ մերժած են ընդունիլ իրենց դէմ ուղղուած մեղադրանքը, ինչպէս նաեւ յաճախորդներէն հազարաւոր տոլարներ ստացած ըլլալու փաստը, պնդելով, որ իրենք մարդասիրական գործունէութիւն կը ծաւալէին, եւ իրենց նպատակը աշխարհ գալիք երեխաները վիժումէ փրկելը եղած է:
Երեք երեխաներ լոյս աշխարհ բերած կինը հարցաքննութեան ժամանակ խոստովանած է, որ ինք երեք երեխայ վաճառած է, եւ իւրաքանչիւրին համար Զէյնայէն գումար ստացած է: Կինը նաեւ սարսափելի մանրամասներ պատմած է նշուած ցանցին մասին:
Ցանցի անդամներու հարցաքննութենէն պարզուած է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրին երեխայի վաճառքի ծախսերը հազար տոլարէն վեց հազար տոլարի միջեւ կը տատանէր, կախուած գործողութիւններու բարդութենէն: Անոնք խոստովանած են, որ նաեւ մասնակից դարձած են ծննդեան վկայականներ կեղծելու աշխատանքներուն:
Ինչ կը վերաբերի Զէյնայի ստացած գումարներուն, նշուած է, որ ան իւրաքանչիւր վաճառքի համար չորս կամ հինգ հազար տոլար կը ստանար, որուն մէջ ներառուած են հիւանդանոցի, բժիշկներու վճարները, ծննդեան վկայականներու կեղծումը եւ ծննդաբերող մօր «վարձքը», որ չէր գերազացեր 500 տոլարը, իսկ Զէյնայի շահը 1350-1500 տոլար կը կազմէր: