ՀՅԴ Լիբանանի «Զաւարեան» Ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ), օրերս, հանդիսաւոր կերպով նշած է իր հիմնադրութեան 120ամեակը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
ՀՅԴ Լիբանանի «Զաւարեան» Ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) Կիրակի, 25 Մայիսի երեկոյեան, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 120ամեակը:
ՀՅԴ ԶՈՄի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ անդրադարձաւ ԶՈՄի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ «Աշխարհիկ սուրբ»ին (Սիմոն Զաւարեանի) շնորհիւ, իսկ անոր առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած անհատներ, իսկ յաջորդող սերունդները տուին նահատակներ թէ՛ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, թէ՛ Հայ Դատի պաշտպանութեան խրամներուն մէջ եւ թէ Արցախի ազատագրական պայքարի ճանապարհին վրայ:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` ՀՅԴ ԶՈՄի հիմնադրութիւնը, պատմութիւնը եւ նախկին եւ ներկայի ԶՈՄի յանձնախումբերու աշխատանքը ներկայացնող:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը` նշելով, որ Սիմոն Զաւարեան` Դաշնակցութեան խիղճը, որ յատկանշուեցաւ իբրեւ գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի ու գլխագիր Մարդը, Պէյրութի մէջ 120 տարի առաջ հիմը դրաւ ուսանողական միութեան մը, որ ոչ միայն եղաւ ուսանողական կառոյց մը, այլ` գաղափարական հնոց` լեցուն խիղճով, տեսլականով ու պայքարի շունչով եւ լոյսով, որմէ ծնաւ ԶՈՄը:
Ան ըսաւ, որ այդ միութիւնը պարզապէս ուսանողական ակումբ մը չէր, այլ` Զաւարեան այդ կառոյցին մէջ դրած էր իր ամբողջ հոգեւոր եւ գաղափարական տեսլականը:
«Այսօր 120 տարի ետք ԶՈՄը անգամ մը եւս կը կանգնի ժամանակի քննութեան առջեւ` իբրեւ գաղափարով ապրած, պայքարով սնած միութիւն մը, որ ինքզինք կը վերանորոգէ իր հիմնադիրին շունչով», ըսաւ Վ. Նաճարեան:
Ապա երկու զաւարեանականներ` Սարգիս Եագուպեան եւ Եւա Ղազարեան տուեալներ ներկայացուցին ԶՈՄի նահատակներուն մասին` Գաբրիէլ Անսուրեանի, Յակոբ Յովհաննէսեանի, Մեսրոպ Վարդանեանի, Հրանդ Տէր Յովհաննէսեանի, Վիգէն Պետրոսեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի, նաեւ յիշեցին Յովհաննէս Թերզեանը, Ոսկան Թօփալեանը, Վահան Վարդանեանը, Սերժ Թովմասեանը, Սարգիս Ֆուճուրեանը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանը եւ Ներսէս Խիւտավերտեանը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով՝ հաստատեց, որ 120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904ին, Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի մը: Ան ըսաւ, որ Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարիներ եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ, այլ նաեւ յաջողեցաւ դառնալ համադաշնակցական կեանքի եւ համահայկական մտածողութեան զարգացման կարեւոր դերակատարներէն մէկը եւ, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներու, մնաց ամուր, յարատեւ պայքարի ուղիին հետեւող, անզիջող, խիզախ, մարտունակ եւ գործունեայ, իր շարքերէն նահատակներ տուաւ համահայկական պայքարի զոհասեղանին, դարձաւ մեր ժողովուրդին կողմէ փնտռուած ու յարգուած շարժիչ ուժ, իսկ Դաշնակցութեան մէջ անիկա վերածուեցաւ գաղափարական հնոցի:
«ԶՈՄը առաջին հերթին գաղափարական միաւոր է, ուր հայ ուսանողը եկած է իր ազատ կամքով գործելու ազատութեան, անկախութեան, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, խտրականութեան մերժումի, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ազատագրութեան պայքարի, հայկականութեան եւ հայրենիքի պահպանման գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք պաշտպանելով մեր հաւաքական կեանքին մէջ իրականութիւն դարձնելու եւ այդ գաղափարները տարածելու ի խնդիր», շեշտեց Բագրատունի:
Նշելով, որ ոչ մէկ համախմբում, քաղաքական կազմակերպութիւն կրնայ գոյատեւել, երբ կը զիջի գաղափարը` ան ըսաւ, որ ԶՈՄը Դաշնակցութեան գաղափարի, միտքի եւ գաղափարական հարստութեան պահպանման հիմնական ներդրողն է, անոր պաշտպանը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ:
Բագրատունի նաեւ շեշտեց, որ երբ յեղափոխութիւնը զէնքի լեզուն է, մեր ուսանողութիւնը տակաւին Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ այդ լեզուն գիտցած է գործածել, եւ անոնցմէ շատեր ինկած են զէնքի հասկացողութեամբ յեղափոխական գործին մէջ: «Եւ երբ յեղափոխական նեղ ըմբռնումով զէնքը անհրաժեշտ եղած է Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան, մեր ընկերները նաեւ եղած են հոս ու ինկած ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանելու պատնէշին վրայ: ԶՈՄականը նոյն հաւատքով եղած է Արցախ, ազատագրութեան կռիւի ընթացքին թէ Արցախը թուրքին յանձնելու դաւադրութեան դէմ ծառանալու համար: Ու ԶՈՄականի արիւնը շաղախուած է Արցախի հողին, եւ նահատակները կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ», յայտնեց Բագրատունի:
Լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ Դաշնակցութեան զէնքը գաղափարական զէնքն է իր ամէնէն լայն ըմբռնողութեամբ` Բագրատունի հաստատեց, որ ԶՈՄը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած: Մեր կեանքը, մտածողութիւնը, ստրկամտութիւնն ու այլոց ծառայելու սովորամոլութիւնը հիմնովին յեղափոխելու ընդհանրական ճիգին առաջին խրամին զինուորը ըլլալու կոչուած է ԶՈՄը, որուն իւրաքանչիւր ամեակ իրեն հետ պարտի բերել նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ եւ նոր նուաճումներ: 120ամեակի աւարտը նշող Զաւարեան Ուսանողական միութիւնը եւ դուք` ընկերներ, հսկայ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած էք այսօր` ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ զարգանալով յառաջ երթալու, պատնէշները քանդելու եւ մանաւանդ` սովորական դաշնակցական չըլլալու», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով խիզախ, անվհատ, անզիջող ըլլալու, մարտունակ, անկախ ու խիզախ մտածողութեամբ դատելու, վանելու հիասթափութիւնը, մերժելու կատարուած իրողութիւններու հետ հաշտուիլը:
«Երիտասարդութիւնը կը շարժէ լեռները: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի վերածուիլ ժայռի, որ կը վանէ հարուածները ու կը շպրտէ խճաքարերը: 120 տարի փոթորիկներուն դիմացող Դաշնակցութեան ԶՈՄը ձեզմով եւ գալիք սերունդներով պարտի ճառագայթել, նոր բարձունքներ նուաճել, դիմանալ, դիմադրել, ի հարկին նորը կառուցելու համար, աւելի լաւը ամրացնելու համար քանդել հինը, որպէսզի անպայման հասնինք մեր նպատակին, վերադառնանք տուն, հայրենի տուն, Արարատով ու Արցախով Հայաստան: Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` կոչ ուղղելով. «Հերթը ձերն է, դո՛ւք էք ապագան: Մի՛ դանդաղիք ձեր պատասխանատուութեանց ստանձնման մէջ: Պարտաւոր էք գալու եւ ղեկը ստանձնելու: Մի՛ տատամսիք»:
Հանդիսութիւնը յեղափոխական երգերով հարստացուց Սուրէն Աճէմեան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով: