image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ իսլամ կրօնաւորի սպանութիւնը նոր մտավախութիւններու պատճառ

 Լիբանանի մէջ իսլամ կրօնաւորի սպանութիւնը նոր մտավախութիւններու պատճառ

Լիբանանեան շրջանակներ խոր մտահոգութեամբ դիմաւորած են Իսլամ (սիւննի) համայնքի կրօնաւոր Շէյխ Ահմատ Ալ Ռիֆայի սպանութեան լուրը։ Լրատուական աղբիւրներ, որ օրերէ ի վեր կրօնաւորի անhետացման լուրը հաղորդած էին, այս առաւօտ յայտնեցին, որ Շէյխը սպաննուած է եւ անոր մարմինը թաղուած է շրջանին մէջ եւ երեք մեթր խորութեան մէջ։

 Խնդիրն այն է, որ մտավախութիւններ կային, որ Իսլամ Շէյխը սպաննուած է քաղաքական դրդապատճառներով, (քանի ան յաճախ «Հըզպալլա»ն քննադատողներէն եղած է) սակայն ապահովական մարմիններ, որ կարողացած են բացայայտել ոճիրը հաղորդած են, որ դէպքը քաղաքական դրդապատճառներ չունի եւ սպանութիւնը կատարուած է անհատական վէճի ֆոնին վրայ յայտնելով նաեւ, որ Շէյխը սպաննողները կրօնաւորին ազգականներն են։ Ըստ նախնական տուեալներու ոճրագործները եղած են 4 անձեր, որոնք առեւանգած են Շէյխը եւ կրակ բանալով վերջինս վրայ տեղն ու տեղը սպաննած։ Դէպքը եղած է Լիբանանի Սատ ալ Պարէտ շրջանին մէջ ու Շէյխի մարմիննը նետուած է երեք մեթր խորութիւն ունեցող փոսի մը մէջ։ Ոճրագործները ծածկելու համար իր քստմնելի արարքը հող լեցուցած են դիին վրայ ու ապա այն ծածկած են ծառի ճիւղերով թաքնելու համար եղած ոճրագործութիւնը։

 Լիբանանի մէջ քաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ բաւականին լարուած ու այդ առումով ալ ներքին լարումներու եւ նոյնիսկ բախումներու ռիսքերը կը մնան բաւական մեծ։