image

Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները այսօր կը բանան իրենց դռները (Լուսանկար)

Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները այսօր կը բանան իրենց դռները (Լուսանկար)

Լիբանանի մէջ գործող Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները այսօր  (Երեքշաբթի)  կը վերաբանան իրենց դռները։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ  վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստէն։

  Տիար Գալուստ նաեւ  հաղորդեց, որ  կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ  հանգրուանային կերպով եւ  վարժարաններու  աշակերտները դպրոց պիտի վերադառնան  հերթաբար։ Մինչ առաջին օրը վերին դասարաններու ուսանողները պիտի վերադառնան  ու ապա հերթաբար միւս դասարաններու աշակերտները։ 

Նշենք, որ  այս որոշումը տալու համար Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու  պատասխանատուները մասնակից դարձած էին Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու արտահերթ նիստերուն։