image

Լիբանանցիք կը սպասեն... Ամոս Հոքշթայնը

   Լիբանանցիք կը սպասեն... Ամոս Հոքշթայնը

 Խնդիրը լիբանանեան ընդհանուր պարունակին կը վերաբերի, որովհետեւ քանի մը կտոր եղած եւ քանի մը «ուղղութիւն» ունեցող Լիբանանի պետութեան «տէրեր»ը տարակարծութեան մէջ կրնան մտնել, թէ կազի հարթակները ինչպէս պէտք է հորատուին, ինչ հիմքով ծովային գիծեր պիտի քաշուին ու անկէ ետք ալ եկած մեծ գումարները, ինչպէս պիտի հոսին դէպի պետական «դանայան տակառ»ի վերածուած գանձարան։

 

 Լիբանանցիք մեծ անձկութեամբ կը սպասեն ամերիկացի բանագնաց՝ Ամոս Հոքշթայնի  Պէյրութ տալիք այցելութեան։

 

Լիբանանեան մակարդակի վրայ երեւելի դարձած այս սպասողականութիւնը պայմանաւորուած է երկրի ջուրերուն մէջ գտնուող կազի հորատման խնդրին հետ, որուն ընթացք տալ կարելի պիտի ըլլայ միայն Իսրայէլի հետ համաձայնութեան մը գալու պարագային։

 

 Բաւական խճճուած թեմա է այս թեման, յատկապէս որ երկրին մէջ, նոյնիսկ  տնտեսական ամենաբարդ վիճակներու ժամանակներուն մինչեւ այս պահը գոյութիւն չունի համաձայնութիւն, թէ Լիբանանը, որպէս պետութիւն ինչ առաջարկ պիտի ներկայացնէ ամերիկացի բանագնացին։

 

 

 Վերջին տարիներուն Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական ահռելի տագնապ մը, որուն մասին խօսելու պահուն կարգ մը վերլուծաբաններ նկատել կու տան, որ ստեղծուած տագնապը, ոչ այնքան «իրական» տագնապ մըն է, քան թէ «շինծու» տագնապ մը, որուն հիմնական նպատակն է, «ծունկի բերել» «Հըզպալլա»ն։

 

 

 Սակայն եկուր տես որ, ստեղծուած տագնապին հիմնական տուժողները, ոչ թէ քաղաքական կուսակցութիւններն ու «Հըզպալլա»ն են, այլ լիբանանցի պարզ ժողովուրդը, որ յայտնուած է անասելի բարդութիւններու առջեւ։

 

 Վերադառնալով բուն խնդրին աւելի քան յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ մեծ ճիգեր իրականացնել կազի խնդիրը հիմնաւոր կերպով լուծելու եւ այդպիսով «բարի ծառայութիւն» մը կատարելու նախ իր դաշնակից Իսրայէլին, յետոյ Լիբանանի մէջ իր քաղաքական արեւելումին հետեւորդ համարուող կարգ մը կողմերու։

 

 Այսքանը հասկնալի է, հասկնալի է նաեւ, որ ցանկացած բանակցութեան պարագային, բանակցող երկու կողմերը պարտաւոր են որոշ զիջումներու երթալ հասնելու համար բուն խնդրին, որն է կարճ ժամկէտներու մէջ հորատման գործը սկսիլ եւ անոր շնորհիւ ալ նիւթական մեծ եկամուտներ հոսեցնել դէպի պետական պիւտճէ։

 

 Իսրայէլ այդ առումով մեծ խնդիր մը չունի եւ կազէն եկած դրամական եկամուտը աւելիով պիտի զօրեղ դարձնէ, առանց այդ եկամուտներուն ալ հաստատուած եւ հզօր պիւտճէն, որուն բացերը լրացնելու համար Ուաշինկթըն միշտ ալ պատրաստակամութիւն յայտնած է։ 

 Խնդիրը լիբանանեան ընդհանուր պարունակին կը վերաբերի, որովհետեւ քանի մը կտոր եղած եւ քանի մը «ուղղութիւն» ունեցող Լիբանանի պետութեան «տէրեր»ը տարակարծութեան մէջ կրնան մտնել, թէ կազի հարթակները ինչպէս պէտք է հորատուին, ինչ հիմքով ծովային գիծեր պիտի քաշուին ու անկէ ետք ալ եկած մեծ գումարները, ինչպէս պիտի հոսին դէպի պետական «դանայան տակառ»ի վերածուած գանձարան։

 Ճիշդ է, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը արդէն իսկ շատ լաւ հասկցած է, որ այդ երկրին գումարներ, կամ երկարաժամկէտ ու կարճաժամկէտ վարկեր տրամադրող երկիրները առաջուան պէս չեն շարժելու։

 Այդ երկիրները, որոնց գլխաւորն է Ֆրանսան կարեւոր պայման դրած է լիբանանցիներուն, անոնցմէ պահանջելով արագ բարեփոխումներ կատարել ու նաեւ յստակ ու բաց հաշուետւութիւններ ներկայացնել։

 Այդքանը շատ յստակ է, եւ  այս բոլորին մէջ  մեծ հարցականներու տուն տուողը ամերիկեան կողմի հետամուտ ըլլալն է, որ նաեւ ինչ որ տեղ կը կապուի հեռագնաց հաշուարկներու եւ մեծ շահերու հետ։

 

 Արդեօ՞ք ԱՄՆ այս ծրագրին մէջ մտած է, ձեւով մը Լիբանանը «փրկելու» գործը առաջ տանելու ու անկէ ետք ալ իր նախասիրած թեկնածուն Պաապտայի նախագահական պալատ հասցընելու համար։

 Արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ այս գալիք համաձայնութեան շնորհիւ պիտի փորձէ «մեղմել» «Հըզզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ դրուած «ծանր բեռ»ը որ պայմանաւորուած է ռազմական վտանգաւոր  սպառնալիքներով։

 

 Եւ աւարտին արդեօ՞ք գալիք համաձայնութիւնը նպատակ ունի ընդհանրապէս Լիբանանի  մէջ  ռուսական  արեւելումի եւ ներկայութեան խնդիրը շոգիացնելու...

 

 

Մոմի լոյսին տակ ապրող, պէնզինի ու հացի հերթերու արեւին տակ «խանձուող» լիբանանցիները արեան ու շունչի նման պէտք ունին կազէն գալիք եկամուտներուն, սակայն խնդիրը միայն ատով չի  սահմանուիր։

 Խնդիրը ներքին համաձայնութիւններու հեռանկարն է, որ պէտք է բանայ դէպի նախագահական ընտրութիւն տանող ապահով ճանապարհ եւ կայուն ճանապարհ մը։

 

 

 Հոս է նաեւ, որ իրական password մը ունենալուն մասին  մեծ հարցադրումը կը դրուի, կամ այն մասին, որ ով ունի այդ գաղտնաբառը։

 Ի վերջոյ, ո՞վ պիտի ըլլայ գլխաւոր քուէարկողը եւ արդեօք Լիբանանի մէջ ըլլալիք համաձայնութիւնը նախընթաց մը դառնայ Ուաշինկթըն- Թեհրան «սպասուած» համաձայնութեան։ 

 

 Հնարաւոր են բոլոր տեսակի սենարները, հնարաւոր է նաեւ, որ իրար դիմաց նստած լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաները իրար ձեռք սեղմեն, որովհետեւ Լիբանանի «մեծ խոհանոց»ին մէջ պատրաստուող ճաշերը միշտ ալ իրենց ազդեցութիւնը տուած են շրջանային յաճախ բարդ թուացող գործընթացներու վրայ։ 

 

 

 Օրինակ մը տալու համար յիշեցնեմ, անցեալ մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններու պարագան, երբ հազար ու մէկ վտանգի, հազար ու մէկ խօսակցութեան եւ կասկածի դռներուն առջեւ ի վերջոյ լիբանանցիք կարողացան առանց մեծ ցնցումներու նոր խորհրդարան մը կազմել։

 

 

 Կը մնայ յուսալ եւ սպասել, որ Պէյրութ հասնող ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքսթինը, , ճիշդ հասկցած ըլլայ պէյրութեան նրբութիւնները եւ հասկնայ նաեւ, որ այս ժամանակներուն լիբանանցիք անկարող են «իւղ վառել» կամ այրած ձեռքերով «Հըզպալլա»ի մեծ խնդիրը լուծել։

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...