Եթէ հայերը կամ անոնցմէ մաս մը, իրենք զիրենք՝ հաւաքապէս «Միլլէթ» կ՚որակեն, այս արդէն աղէտ է, քանի որ անդառնալի անցեալ դարերուն պատկանող այս եզրոյթը ունի բացասական հետեւանքներ: Ըստ երեւոյթին՝ շատեր դեռ մտովին կառչած են հլու՝ հնազանդ մնալու գաղափարին, հակառակ անոր, որ շատոնց ազատած են Օսմանեան կայսրութեան շրջանի ենթարկուողական պայմաններէն:
Օրերս, Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Միջազգային տագնապներու կառավարման փորձագէտ Իսահակ Անտէքեան յօդուած մը (արաբերէն լեզուով) հրապակարած է «Ալ Ժումհուրիէ» պարբերականին մէջ, ուր անդրադարձած է Լիբանանի մէջ, հայերու իսկ կողմէ, հայերը բնորոշող որոշ խորթ ու հին արտայայտութիւններու գործածութեան եւ կոչ ըրած զանոնք փոխելու: Իր շահեկանութեան համար «Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ յօդուածը:
Օրերս Ուշադրութիւնս գրաւեց Լիբանանի հայկական կարգ մը «Ծխական խորհուրդներ»ու յայտարարութիւնները, որոնք կը հրաւիրէին հաւատացեալները մասնակցելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի
Ս. Ծնունդեան տօնին առթիւ կատարուելիք միջոցառումներուն: Այս հրաւէրներուն մէջ որոշ արտայայտութիւն մը նեղացուց զիս, եւ վստահ եմ, որ նաեւ նեղացուց հայ համայնքէն անոնց, որոնք լաւ կը տիրապետեն արաբերէնին եւ կը հասկնան օրէնքները, սկզբունքներն ու սովորոյթները: Հայոց եկեղեցւոյ առաջնորդներէն շատեր այս հրաւէրներուն կցած են հետեւեալ արտայայտութիւնը՝ «Միլլէթ»ի խորհուրդը պատիւը ունի...»։ Հոս կը կայանայ հիմնական խնդիրը։
«Միլլէթ» եզրոյթի արմատները կու գան Օսմանեան կայսրութեան օրերէն: Սուլթան Մուհամմէտ Ալ Ֆաթէհ առաջինն էր, որ կիրառած էր «Միլլէթ»-ի դրոյթը: Այս համակարգը կը կիրառուէր ոչ իսլամական կրօնական համայնքներու նկատմամբ, եւ այն կը վերաբերէր նոյն կրօնի պատկանողներու կառավարումին՝ անոնց առաջնորդներուն միջոցով։ Քանի որ հայերը Օսմանեան կայսրութեան բնակչութեան անբաժան մասն էին, հետեւաբար կ՚ենթարկուէին «Միլլէթ» համակարգին. այն ճկուն համակարգ մըն էր, որ կը համակերպէր իւրաքանչիւր համայնքի ներքին կառավարման օրէնքներուն: Այս համակարգը ստեղծուած էր սուլթանին եւ հրեայ, յոյն, հայ, ուղղափառ եւ սուրիանի կրօնական առաջնորդներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններէ ետք, որպէսզի այս համայնքները կարենային որոշակի անկախութիւն ստանալ, կառավարելու իրենց սեփական հարցերը, որուն դիմաց անոնք պիտի մնային պետական վերահսկողութեան տակ։ Այսպիսով, «Միլլէթ» համակարգը միջոց մըն էր վերահսկելու Օսմանեան կայսրութեան ոչ իսլամական համայնքները, որպէսզի հաստատուէր կարգ ու կանոն, տալով ինքնիշխանութեան որոշակի ճկունութիւն՝ կապուած կրօնական եւ եկեղեցական հարցերու, ինչպէս՝ ամուսնութիւն, անձնական կարգավիճակ, ժառանգութիւն, կտակ, եւ այլն:
Իսկ այսօր, երբ մէկ դարէն աւելի է, որ քայքայուած է «Միլլէթ»ներու կայսրութիւնը, կան մարդիկ, որոնք տակաւին կը պնդեն ապրիլ անցեալի շղթաներուն մէջ։ Ասոնք հոգեբանական կապանքներ են, եւ ոչ՝ իսկական կամ իրապաշտական, եւ կրնայ ըլլալ, որ հետեւանքն են այն տագնապներուն եւ մանաւանդ՝ Ցեղասպանութեան, որուն ենթարկուած են հայերը Օսմանեան կայսրութեան օրօք:
Համաշխարային չափանիշներու գիտական մօտեցման վրայ հիմնուելով, հայերու մօտ «Միլլէթ»ի հարցը կարելի է նմանցնել ափրիկեան ծագումով ամերիկացիներու՝ «սեւամորթ»ներու «N բառ»ի հարցին, սակայն
մէկ՝ հսկայական տարբերութեամբ՝ հայերը, իրենք զիրենք կ՚անուանեն «Միլլէթ», մինչդեռ ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները բացարձակապէս չեն ընդունիր «նիկր» բառի գործածութիւնը, ո՛չ իրենց կողմէ, ո՛չ ալ այլ ցեղային խումբերու պատկանող անհատներու կողմէ։ Դեռ աւելին, ով որ գործածէ այս բառը, ենթակայ կ՚ըլլայ պատասխանատւութեան եւ ընկերային մեկուսացման, քանի որ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ անընդունելի է եւ անձը կը կրէ իրաւական, քաղաքական եւ ընկերային հետեւանքներ: Սակայն, տարօրինակը այն է, որ մինչ ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ խումբ մը մարդիկ չեն ընդունիր, որ ուրիշներ իրենց անուանումներ տան, ուրիշ կիսաժողովրդավարական պետութեան մը մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը սահմանեն այնպիսի արտայայտութեամբ, որ պէտք չէ օգտագործուի թէ՛ իրենց եւ թէ՛ ուրիշներու կողմէ։ Եւ այստեղ է հիմնական հարցը: Եթէ հայերը կամ անոնցմէ մաս մը, իրենք զիրենք՝ հաւաքապէս «Միլլէթ» կ՚որակեն, այս արդէն աղէտ է, քանի որ անդառնալի անցեալ դարերուն պատկանող այս եզրոյթը ունի բացասական հետեւանքներ: Ըստ երեւոյթին՝ շատեր դեռ մտովին կառչած են հլու՝ հնազանդ մնալու գաղափարին, հակառակ անոր, որ շատոնց ազատած են Օսմանեան կայսրութեան շրջանի ենթարկուողական պայմաններէն:
Երբ աշխարհը սկսած է գիտակցիլ ճշմարտութիւնը 1915 թուականի հայերու դէմ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, երբ այս հարցը սկսած է ուշադրութեան կեդրոն դառնալ միջազգային հարթակներու վրայ, հակառակ ահռելի ճնշումներուն, որոնք կը կիրարկուին այս ցեղասպանութիւնը գործողներու ժառանգորդներուն կողմէ քօղարկելու համար իրականութիւնը, յանկարծ ի յայտ կու գայ «Միլլէթ» բառի օգտագործումը, նոյնինքն հայերուն կողմէ, որակելու համար հայերը։ Այս մէկը սխալ քայլ մըն է, որ ի դերեւ կը հանէ այն բոլոր ջանքերը, որոնք կը տարուին Ցեղասպանութեան իրողութիւնը փաստելու՝ իրաւունքի, հատուցման, հաշուետւութեան ու արդարութեան հարցը զերօ կէտին վերադարձնելով:
Խօսքս կ՚ուղղեմ Լիբանանի մեր համայնքի պատասխանատուներուն, որպէսզի կարողանան հարցերը ճիշդ թիրախաւորել եւ կառքը իր ճիշդ ուղիին վրայ դնել։ Մենք ո՛չ «Զըմմա»ի (այս եզրոյթը կը վերաբերի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ այլ կրօններու պատկանող մարդոց, որոնք կ՚ապրին իսլամական իշխանութիւն կամ իսլամ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու մէջ...խմբ.) եւ ո՛չ ալ «Միլլէթ»ի մարդիկ ենք։ Մենք Լիբանանի քաղաքացիներ ենք, կ՚ենթարկուինք լիբանանեան օրէնքներուն, տեղական սովորոյթներուն ու աւանդոյթներուն, առանց մոռնալու կամ անտեսելու մեր հայկական սովորոյթներն ու աւանդոյթները, եւ «Միլլէթ»ը անոնցմէ մէկը չէ, քանի որ այն օսմանեան յօրինուածք է: Պէտք է մտքով ազատագրուինք, ինչպէս որ ֆիզիքապէս ազատագրուած ենք Օսմանեան տիրապետութեան լուծէն: Հետեւաբար ես կը նախընտրեմ, որ օգտագործուի «Ծխական խորհուրդ» արտայայտութիւնը փոխան՝ «Միլլէթի խորհուրդ»ին, որովհետեւ աւելի մօտ է իրականութեան եւ համահունչ՝ լիբանանի քրիստոնեայ միւս համայնքներու կողմէ ընդունուած եզրոյթին։
Պէտք է անմիջապէս ձեռնարկել այս քայլին, եւ ամբողջապէս ազատագրուիլ օսմանցիներու կողմէ պարտադրուած անցեալի կապանքներէն, որովհետեւ ինչպէս ըսուած է Քուրանի (Ալ Ռաատ: 11) գլխուն մէջ՝ «Աստուած չի փոխեր ժողովուրդի մը վիճակը, մինչեւ որ անոնք փոխեն իրենց ներսիդին»: Նախաձեռնեցէ՛ք փոփոխութեան:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ «Արեւելք»ը