image

Լիբանանցիք ինչքանո՞վ կը յարգեն երկրի խորհրդարանը. Գրառում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծած է Լիբանանի մէջ

Լիբանանցիք ինչքանո՞վ կը յարգեն երկրի  խորհրդարանը. Գրառում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծած է Լիբանանի մէջ

Օրերս համացանցի Լիբանանցի օգտատէրեր մեծ թափով տարածած են լուսանկար մը, որուն արժանահաւատութիւնը լրջօրէն կասկածելի, բայց եւ այնպէս ստեղծած է  քննարկման բուռն իրավիճակ մը։

 Խօսքը այս լուրի գլխաւոր լուսանկարին մասին է, որ ըստ գրառումին Պէյրութի «Սահաթ Նըժմէ»ի հրապարակն է եւ որ անցեալին կը կրէր «էշերու շուկայ» անուանումը։ 

 

 Տեղը յար եւ նման այլ շուկաներու ՝ «Ոսկերիչներու շուկայ», «Կօշկակարներու շուկայ», «Ատաղձագործներու շուկայ» եւ այլ շուկաներու կ՚ենթադրուի, որ կը ծառայէր էշերու առեւտուրով զբաղուող մարդկանց։

 Խնդրայարոյց վիճակը այն է, որ նոյն այս վայրին մէջ յետագային կառուցուած է Լիբանանի խորհրդարանի գլխաւոր շէնքը, որ պատերազմին մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ, ու ապա պատերազմի աւարտէն ետք վերակառուցուեցաւ եւ դրուեցաւ օգտագործման։

 Նիւթը լայնօրէն տարածողները  ծաղրական գրառումներ կատարելով նաեւ յարած են, որ այսօրուան խորհրդարանի շէնքը «հարազատ» ժառանգորդն է «էշերու շուկայ»ին։

Լուրը կը ներկայացնենք առանց մեկնաբանութիւններու, պարզապէս հաշուի առնելով փաստը, թէ ինչ տիպի վերաբերմունք ունին լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը երկրի խորհրդարանին հանդէպ։

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի