image

Լիբանանցի գործիչ Լոքման Սըլիմ սպաննուած գտնուեցաւ

Լիբանանցի գործիչ Լոքման Սըլիմ սպաննուած գտնուեցաւ

Լիբանանցի աքթիւիսթ, իրաւապաշտպան Լոքման Սըլիմ այսօր  սպաննուած գտնուած է իր  ինքնաշարժին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Կը նշուի, որ Սըլիմի գտնուած վայրը յայտնի չէր, եւ անոր քոյրը ՝ Ռաշա Ամէր  աւելի վաղ ապահովական մարմիններուն տեղեակ պահած էր եղբօրը անյետանալուն մասին։

Սըլիմ յայտնի էր իր ծայրայեղ կեցուածքներով եւ ան տարբեր առիթներով ալ կը քննադատէր «Հըզպալլա»ի քաղաքական մօտեցումները։

Շիիթ համայնքի անդամ Սըլիմ հիմնած էր երկու կազմակերպութիւններ, որոնց գրասենեակները կը գտնուին Պէյրութի Հարէթ Հըրայք շրջանին մէջ։ 

Սըլիմ  նաեւ  որդին էր Լիբանանի Խորհրդարանի նախկին անդամներէն՝ Մոհսէն Սըլիմի։