Աւելի վաղ «Արեւելք» գրած էր, այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած լիբանանահայերու հանդիպման մասին, ուր խօսքերով հանդէս եկած էին ՀՅԴ պատասխանատուներ։
Այդ առումով ալ ուշագրաւ էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ներկայացուցած խօսքը, որու ընթացքին ալ ան անդրադարձած էր հայութիւնը յուզող խնդիրներուն, եւ ներկայացուցած Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու ներկայացուցած լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Բագրատունի մեծ գոհունակութեամբ արտայայտուած էր լիբանանահայերու Հայաստան հաստատման փաստին մասին ու այդ առումով ըսած՝ ,- «Եթէ Լիբանանէն հեռանալու ընտրանք կայ, բնական է որ պիտի քաջալերենք, որ մեր հայրենակիցները հաստատուին Հայաստանի մէջ։ : Եթէ երբեք այս օրերուն քաջութիւն է տակաւին Լիբանանի մէջ մնալ, նոյնքան քաջութիւն եւ յանդգնութիւն է Հայաստան գալ, Հայաստանի մէջ շարունակել հայու ձեր կեանքը, շարունակել ձեր ընտանիքը, շարունակել ձեր զաւակներու ապագան կերտել: Տեսնելը Պէյրութի մեր երիտասարդները Հայաստանի մէջ բերկրանքով կը լեցնէ իմ հոգիս եւ մեր ընկերներու հոգին, որովհետեւ ահա այն նպատակը, որուն համար տարիներով պայքարեցանք, թէեւ դժուար օրերու մէջ, թէ՛ Լիբանան, թէ՛ սփիւռք, թէ՛ Հայաստան, յաջողեցանք իրագործել»։
Բագրատունի նաեւ նկատել տուած է, որ հայրենդարձութիւնը պատասխանատու բառ է եւ մեծ գործընթաց է ու այդ առումով շեշտած՝ ՝«Ներգաղթը մեծ բառ է, մենք քաղաքական շահարկումի չենք ենթարկեր այդ բառերու գործածութեան մէջ, այլ կ'ըսենք վերադարձաք ձեր բնական միջավայրը , հոն ուր ամէն մէկ հայ պէտք է ապրի իր կեանքը»
Խօսելով Լիբանանի ընդհանուր դրութեան մասին Բագրատունի նկատել տուած է, որ այսօր պատեհ է խօսիլ Լիբանանի գալիք ընտրութիւններուն ու այդ առումով տեղի ունենալիք նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։
Այս առումով ալ ան ըսած ,-«Թերեւս անյարմար է խօսիլ Լիբանանի եւ Լիբանանի ընտրութիւններուն մասին, բայց եթէ Լիբանանի հայերը Հայաստան են, ինչպէս Սուրիահայերը, իրաքահայերը եւ այլ հայեր սփիւռքեան միւս երկիրներէն, եւ իրենց ճակատագիրը միացուցած են հայրենի հայութեան ճակատագրին, կ'ուրախանան նոյն ուրախութեամբ եւ կը տառապին նոյն տառապանքով, կը զոհուին նոյն ճակատներուն եւ խրամատներուն վրայ հետեւաբար մեր ներկայութիւնը այստեղ անհրաժեշտ է, պարզ հետեւեալ մեկնակէտով՝ տաիներէ ի վեր կ'ըսենք, որ եթէ Լիբանանի հայութիւնը զօրաւոր է, զօրաւոր է նաեւ սփիւռքի հայութիւնը եւ եթէ սփիւռքի հայութիւնը զօրաւոր է լիբանանահայութեամբ զօրաւոր ու հզօր են Հայաստանը եւ Հայաստանի հայութիւնը, Արցախը եւ Արցախի հայութիւնը եւ եթէ մեր ժողովուրդը ամբողջութեամբ նմանցնենք շղթայի մը, անոր բնականաբար հիմնական օղակը Հայաստանն է, Արցախն է, իսկ մնացեալ օղակները սփիւռքեան մեր գաղութներն են։ Սփիւռքի հայութեան շղթային կարեւորագոյնը, թերեւս ամէնէն կարծր օղակներէն մին Լիբանանի հայութիւնն էր եւ տակաւին է, տակաւին լիբանանահայութիւնը հզօր է եւ եթէ այդ օղակը քանդուի կը քանդուի նաեւ սփիւռքի օղակը կը քանդուի նաեւ Հայաստանի օղակը եւ շղթան աստիճանաբար կը փշրուի եւ մենք կորսնցուցած կ'ըլլանք համահայկական պայքարի մեր ուժեղութիւնը, ուժգնութիւնը: Հայաստանի մէջ այսօր հայրենիքը ընտրած մեր լիբանանահայ քոյրերն ու եղբայրները քով քովի գալով կրնան իրենք եւս զօրացնել Լիբանանը եւ Լիբանանը զօրացնելով կրնան զօրացնել Հայաստանը, հոն ուր իրենք ընտրած են ապրիլ:
Դժբախտաբար անցնող 2-3 տարիներուն համայն հայութեամբ մենք դէմ յանդիման գտնուեցանք մեր վերջին հարիւրամեակի թերեւս ամենադժուարին օրերուն, բայց պարտաւոր ենք տեղի չտալ եւ այդ տեղի չտալը միայն պայքարելով իրականութիւն կը դառնայ։ Ի վերջոյ մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու, ըսելու, որ կոտրուած ենք ու ես վստահ եմ, որ Լիբանանի այս դժուարին օրերը պիտի անցնին, որովհետեւ այլ ճանապարհ չկայ»։