«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ մանկաբոյժ եւ հասարակական գործիչ ՝ Ճօրճ Կիւլէսէրեան.
-Մէկ ամսուան ցոյցերէն յետոյ ի՞նչ փոխուեցաւ Լիբանանի մէջ, ի՞նչ է կացութիւնը:
Շատ բան փոխուեցաւ, իսկապէս այս անգամ զգացինք, որ երրորդ գիծ մը կայ, անկախ որոշ կուսակցութիւններէ, «երրորդ ձայն» մը կը լսուի, որ որոշ ցնցում մը պատճառեց իշխանութեան տէր հանդիսացող կուսակցութիւններուն մօտ:
Ընդունինք կամ ոչ, հիմա Լիբանանի մէջ նոր ձայնը մը կայ, ժողովրդային ձայն մը, անշուշտ, չենք կրնար ըսել, որ անոնք հարիւր առ հարիւր անկախ են լիբանանեան աւանդական կուսակցութիւններէն, բայց որոշ ձեւով ուժ մըն են։ Օրինակ մը տալով կ՚ուզեմ նշել փաստաբաններու սենտիքայի ընտրութեան պարագան, ուր հակառակ տարուած մեծ ճիգերուն անկախ ոչ կուսակցական եւ ցուցարարներու կողքին եղող անձնաւորութիւն մը դարձաւ այդ կարեւոր սենտիքայի նախագահը։
Հետեւաբար, կրնամ ըսել, որ, այո, այս անգամ սկիզբէն զգալի էր, որ որոշ փոփոխութիւն մը կար ժողովուրդին մօտեցումներուն մէջ եւ ժողովուրդին կանչը տարբեր էր։ Այս բոլորը անշուշտ «սարսափ» կը պատճառէ իշխանութեան։
-Կը լսենք, որ տարբեր ոլորտներու մէջ մտավախութիւններ կան, ըլլայ առողջապահական, ըլլայ նաւթի կամ հացի: Ի՞նչ է Պէյրութի մէջ տիրող իրական իրավիճակը:
Աս մտավախութիւնները, որ վերջին օրերուն յայտնուեցան, կարծեմ քիչ մը չափազանցուած են, որովհետեւ մինչեւ հիմա ամէն ինչ տրամադրելի է: Հաւանաբար մեծ վաճառականները, որոնք կապուած են իշխանութեան հետ, անոնք են, որ ձեւով մը ճնշում կը բանեցնեն մարդոց վրայ, որ զուսպ մնան, ժողովուրդին մէջ ոչ իրական վախեր ստեղծեն: Անշուշտ շուկային մէջ պակաս բաներ կան հիմա, բայց այդ չափազանցուած մտավախութիւնները, թէ՝ հիւանդանոցները պիտի փակուին, ժողովուրդը առանց հացի պիտի մնայ, ինչպէս ըսի չափազանցուած են: Ամէն երկրի մէջ, ուր նման իրադարձութիւններ կը պատահին, նման բաներ կ'ըլլան, վախցնելու ձեւ մըն է, իսկ եթէ իրականութեան բաժին մըն ալ կայ տարածուած խօսքերուն մէջ, հազիւ 20 առ հարիւրը իրականութիւն ըլլայ:
Նաեւ պիտի չմոռնանք, որ այս վախերու չափազանցման մէջ մեծ դեր ունի տոլարի եւ դրամի անկայունութիւնը, մեծ վաճառականները չեն ուզեր իրենց ապրանքները ծախել, մինչեւ որ յստականայ ելեւմտական ոլորտի նաեւ ամերիկեան տոլարի սակը։ Պատերազմի ժամանակ ալ նման բաներ տեսած ենք, բայց ես չեմ հաւատար, որ այսօր երկիրը անկայուն վիճակի մէջ է, որոշ բաներ պիտի սղին, որոշ բաներ պիտի նուազին շուկային մէջ, բայց անկասկած որ սովի պիտի չմատնուինք կամ առանց հիւանդանոցի պիտի չմնանք: Եթէ փոփոխութիւն կ'ուզենք, պիտի ընդունինք որոշ չափով այս ժխտական կէտերն ալ:
-Շատեր կ'ըսեն, որ մինչեւ այս պահը նոր վարչապետ մը նշանակելու հետ կապուած պարտադիր խորհրդակցութեան թուականը դեռ պարզ չէ: Ձեր կարծիքով ինչպէ՞ս պիտի հանգուցալուծուի այս տագնապը:
Վարչապետի մը նշանակման մասին պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականը պարզ չէ, բայց վստահ որ քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներ այդ մասին խօսած են քուլիսներու մէջ, հաւանաբար որոշ ցուցմունքներ կան, որոշ անուններ կը շօշափուին, պարզապէս ժողովուրդին չեն յայտներ այդ մասին, մինչեւ որ ժողովուրդին վրայ ճնշումները աւելի ծանրանան եւ ետքը ներկայացնեն պարտադիր խորհրդակցութիւններու թուականը: Այս իմաստով, չեմ կարծեր, որ անորոշութիւն կայ, թեկնածուներու անուններ վստահ որ կը շրջին, քաղաքական սալոններուն մէջ կը խօսուի այդ մասին, մաղումներ կ'ըլլան, այդ հանգրուանի մէջ են, որպէսզի իրենց յարմար անձը նշանակեն, բայց այս անգամ վստահ որ ժողովուրդն ալ իր ձայնը պիտի ունենայ, եւ յուսալի է, որ մէկ ամիսէ ի վեր բողոքի ցոյցերու մասնկացող ժողովուրդը դրական արդիւնքներու կը հասնի։
-Տարբեր առիթներով զգացինք, որ քիչ մը վերապահութիւններ ունիք բողոքի ցոյցերուն հետ կապուած, ի՞նչ էր պատճառը այդ վերապահութիւններուն:
Վերապահութիւններ ունիմ, որովհետեւ, գիտէք, ասանկ պարագաներու ստուերային ուժեր կը փորձեն «հեծնալ» նման շարժումներու վրայ։ Նախկին պաշտօնեաներ կը փորձեն այս ժողովրդային պոռթկումը օգտագործել իրենց քաղաքական աժանտաներուն համար, անոր համար զգուշ պիտի ըլլանք, մանաւանդ Լիբանանի արտաքին թշնամիներէն, որոնք առիթը բաց պիտի չթողեն ներքին խռովութիւններ, միջ-ժողովրդային, համայնքային բախումներ ստեղծելու համար:
Ես որոշ շարժումներու բացարձակապէս դէմ եմ, ինչպէս՝ ճամբայ փակելը, մարդոց երթեւեկը արգիլելը եւ այլն, ասի պատերազմական շրջանը կը յիշեցնէ մեզի, երբ չէինք կրնար արեւմտեան Պէյրութէն արեւելեան Պէյրութ եւ ուրիշ տեղեր երթալ, նման երեւոյթները ինծի համար անախորժ են։ Ի վերջոյ ժողովրդային շարժումը, «հրեշտակային» շարժում մը չէ եւ պիտի ըլլան կողմեր, որոնք առիթն օգտագործելու հարցը ուրիշ տեղ պիտի փորձեն տանիլ։
-Լիբանանահայութեան վիճակը ինչպիսի՞ն է այս օրերուն, ի՞նչ են մտահոգութիւնները:
Լիբանանահայութեան վիճակը նոյնն է, ինչպէս բոլոր լիբանանցիներունը, ազդուած են եղածէն, մանաւանդ տնտեսական գետնի վրայ, անգործութիւնը որ կայ, շատ վատ կ'ազդէ մեր գաղութին վրայ: Ես իբր համայնքային ոլորտին մէջ ներգրաւուած անհատ հանրային գործերու մէջ ներգրաւուած մարդ, յաճախ կը լսեմ, ականատես կ'ըլլամ մարդոց դժուարութիւններուն, եւ այդ առումով ալ իմ գործընկերներուս հետ կը փորձենք քայլեր առնել օգտակար ըլլալու համար մեր հայրենակիցներուն։ Մեզի համար դժուար ժամանակներ են, սակայն վստահ եմ, որ մեր գաղութը այս տագնապն ալ կը յաղթահարէ եւ բոլորս միասին կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին: