image

Լիբանանահայ Նշան Գահուէճեան կարիք ունի մեր օգնութեան

Լիբանանահայ Նշան Գահուէճեան  կարիք  ունի մեր օգնութեան

Լիբանանահայ    Նշան  Գահուեճեան    յայտնուած է   առողջական ծանր  վիճակի մը մէջ  եւ  կարիք ունի մեր օգնութեան:  Այս  մասին տեղեկութիւնը տուած է  Only  Lebanon   կայքը, որ  նաեւ   կը յայտնէ, թէ Նշան  անցուցած է ուղեղային  կաթուած մը  եւ  ներկայիս կը գտնուի մահաքունային վիճակի  մէջ:  Աղբիւրը   յայտնած է, որ հայորդին ներկայիս կը գտնուի    «Ալ Արզ»  հիւանդանոց եւ անոր  պարագաները    իրենց կարելին  կ'ընեն  ապահովելու համար Նշանին    անհրաժեշտ  գործողութեան    ծախսերը:

 Կայքը նաեւ       լուրին մէջ տեղադրած է   հեռախօսահամար մը,  որուն միջոցաւ  փափաքողները   պիտի կարողանան  կապ  հաստատել Նշանի   հարազատներուն  հետ: