Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ ամէն օր՝ առաւօտեան 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 19:00-ը, պիտի դադրեցնէ մարտական գործողութիւնները Կազայի հիմնական ճանապարհներէն մէկու երկայնքով՝ մարդասիրական օգնութեան առաքումները հեշտացնելու համար:
Այսպէս կոչուած «մարտավարական դադարը» պիտի սկսի Ռաֆահի շրջանին մէջ:
Ըստ զինուորականներու՝ դադարը կը համակարգուի ՄԱԿ-ի եւ միջազգային աջակցութեան գործակալութիւններու հետ:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն դատապարտած է զինուորականներու այդ որոշումը՝ այն համարելով անընդունելի: ABC News հեռուստաալիքին անանուն աղբիւրը յայտնած է, որ Նաթանիահուն նախապէս տեղեկացուած չէ եղած այդ որոշման մասին:
Զինուորականներու քայլը քննադատած է նաեւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Պեն-Կըվիրը: Ան յայտարարած է, որ այդ նախաձեռնութիւնը չէ ներկայացուած նախարարներու գրասենեակի քննարկման եւ կը հակասէ կառավարութեան որոշման:
Իսրայէլի բանակը ստիպուած եղած է բացատրել, որ դադարը չի նշանակեր Ռաֆահի մէջ գործողութիւններու դադրեցում: «Կազայի հատուածի հարաւային շրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմ չկայ, Ռաֆահի մէջ կռիւները կը շարունակուին»,- Ynet-ը մէջբերած է Իսրայէլի բանակի ներկայացուցիչի խօսքը: