Լիբանանահայ Նշան Գահուեճեան յայտնուած է առողջական ծանր վիճակի մը մէջ եւ կարիք ունի մեր օգնութեան: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Only Lebanon կայքը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ Նշան անցուցած է ուղեղային կաթուած մը եւ ներկայիս կը գտնուի մահաքունային վիճակի մէջ: Աղբիւրը յայտնած է, որ հայորդին ներկայիս կը գտնուի «Ալ Արզ» հիւանդանոց եւ անոր պարագաները իրենց կարելին կ'ընեն ապահովելու համար Նշանին անհրաժեշտ գործողութեան ծախսերը:
Կայքը նաեւ լուրին մէջ տեղադրած է հեռախօսահամար մը, որուն միջոցաւ փափաքողները պիտի կարողանան կապ հաստատել Նշանի հարազատներուն հետ: