Հացահատիկի գործարքի դադրեցման հետ կապուած՝ Սեւ ծովուն մէջ մարդասիրական միջանցքը կը կրճատուի, 20 յուլիսին Մոսկուայի ժամանակով ժամը 00:00-էն ուքրանական նաւահանգիստներ մեկնող բոլոր նաւերը պիտի դիտարկուին որպէս ռազմական բեռերու հնարաւոր փոխադրողներ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Սեւծովեան նախաձեռնութեան դադրեցման ու ծովային մարդասիրական միջանցքի կրճատման հետ կապուած՝ 2023 թուականի 20 յուլիսին Մոսկուայի ժամանակով ժամը 00:00-էն Սեւ ծովու ջուրերուն մէջ ուքրանական նաւահանգիստներ ուղեւորուող բոլոր նաւերը պիտի դիտարկուին որպէս ռազմական բեռերու հնարաւոր փոխադրողներ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանական գերատեսչութիւնն ընդգծած է, որ համապատասխանաբար, նման նաւերու դրօշով երկիրները «կը համարուին ներգրաւուած ուքրանական հակամարտութեան մէջ՝ Քիեւի ռեժիմի կողմէ»։
«Սեւ ծովու միջազգային ջուրերու հիւսիս-արեւմտեան ու հարաւ-արեւելեան շարք մը ծովային տարածքներ յայտարարուած են ժամանակաւորապէս վտանգաւոր նաւարկութեան համար: Սահմանուած կարգով տրուած են համապատասխան տեղեկատուական նախազգուշացումներ ծովագնացներու անվտանգութեան երաշխիքներու չեղարկման մասին»,- յայտնած է ռուսական կողմը։