image

Նախարար Պապիկեանի Կիպրոս տալիք այցը չեղեալ համարուած

Նախարար Պապիկեանի Կիպրոս տալիք այցը չեղեալ համարուած

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի այցը Կիպրոսի Հանրապետութիւն չեղարկուած է. պատճառը Հայաստանի մէջ սահմանային իրավիճակի սրումն է: Այս մասին X էջին գրառմամբ տեղեկացուցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Միխալիս Եորղալլասը:

«Այսօր ես հեռախոսազրոյց ունեցայ իմ հայ գործընկերոջ հետ՝ Հայաստանի մէջ իրավիճակի սրման պատճառով անոր՝ Կիպրոս ծրագրուած այցի չեղարկումէն ետք։

Մենք հաստատեցինք մեր երկու երկիրներու միջեւ հիանալի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հետ Եռակողմ ծրագրի մեր հիանալի համագործակցութիւնը պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներու մէջ։ Լիարժէք աջակցութիւն յայտնած եմ Հայաստանի ժողովուրդին:Մեր երկուստեք ցանկութիւնն է հանդիպիլ մօտ ապագային՝ հազիւ որ հանգամանքները թոյլ տան»,- գրած է Եորղալլասը:

Սուրէն Պապիկեանի խօսնակ Արամ Թորոսեանը NEWS.am–ի հետ զրոյցին հաստատած է, որ Պապիկեանի այցը Կիպրոս հետաձգուած է։