image

Պերճ Սեդրակեանը Ն.Ս.Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ հիւր

  Պերճ Սեդրակեանը Ն.Ս.Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ հիւր

 ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ օրերս կը գտնուէր Լիբանան այցելութիւն մը տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ամառային հովուոց՝ Պիքֆայա եւ ընդունուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմանէ։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեծի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն։

 

 Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը:

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստանի ներքին կացութիւնը յուզող՝ պետութիւն-եկեղեցին եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան առնչուած հարցեր:

 

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդին, Հայրենիքէն ներս թէ դուրս, ներքին միասնականութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս նոր տագնապներով շրջապատուած ներկայ ժամանակներուն։